ԱՆՀԱՒԱՍԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑ

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան տնօրէն Թետրոս Կեպրէյէսուս յայտարարեց, որ քորոնաժահրի նոր հիմնամանրէները յաղթական դուրս կու գան պատուաստանիւթերու դէմ պայքարէն։ Ժահրի նոր՝ առաւել ուժեղ վարակիչ յատկութիւններու տէր տարբերակները կը յաղթեն պատուաստանիւթերուն։ Ըստ իրեն, համավարակի տարածումը պատուաստման թափերը կը յաղթահարէ՝ աշխարհի վրայ դեղամիջոցներու բաշխման հարցին շուրջ հաւասարութեան բացակայութեան հետեւանքով։

«Քորոնաժահրի տարբերակները կը յաղթեն պատուաստանիւթերու դէմ ներկայ մրցապայքարին մէջ, որովհետեւ  աշխարհի վրայ անհաւասարութիւն կը տիրէ պատուաստանիւթերու արտադրութեան եւ տեղաբաշխման ուղղութեամբ, ինչ որ կը սպառնայ նաեւ համաշխարհային տնտեսական վերականգնման», ըսաւ Կեպրէյէսուս։

Հինգշաբթի, Յուլիս 8, 2021