ԱՔԱՐ ԵՒ ՕՍԹԻՆ ԶՐՈՒՑԵՑԻՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆՈՎ

Ազգային Պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Ճէյմս Օսթինի հետ։ Դրական ու շինիչ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ այս հեռախօսազրոյցը, որու ծիրէն ներս ծաւալուած քննարկումները կը շարունակուին նաեւ այսօր։

Ներկայիս ԱՄՆ դուրս կը բերէ իր զօրքերը Աֆղանիստանէն եւ այս մթնոլորտին մէջ Թուրքիոյ վստահուած է Քապուլի «Համիտ Քարզայի» միջազգային օդակայանի անվտանգ կառավարումը։ Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ երկար ժամանակէ ի վեր այս նիւթին վերաբերեալ կը շարունակուին թեքնիկ քննարկումները։ Աքար եւ Օսթին երէկուայ զրոյցի ընթացքին անդրադարձան՝ երկու երկիրներու թեքնիկ պատուիրակութիւններու միջեւ կազմակերպուած ժողովներու լոյսին տակ ստեղծուած վերջին կացութեան։

Քապուլի օդակայանին վերաբերեալ կողմերու միջեւ քննարկումները թափ ստացած էին Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի եւ ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտընի միջեւ անցեալ ամիս Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման զուգահեռ։

Միջազգային բեմահարթակի վրայ Աֆղանիստանի ապագային վերաբերեալ մտահոգութիւնները վերջին շրջանին հետզհետէ կ՚ամրապնդուին։ Երէկ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովն ալ յայտարարեց, որ Աֆղանիստանի մէջ իրավիճակը սրընթաց վատթարանալու միտում ունի։

Հինգշաբթի, Յուլիս 8, 2021