ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԱՐՄԵՆԱԿ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅԿԱԶԵԱՆԻ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ

Սագօ Արեան կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-

Նախաձեռնութեամբ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի եւ համագործակցութեամբ Ծիծեռնակաբերդի թանգարան-կաճառի, երէկ Երեւանին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ մը՝ ձօնուած Հայ Աւետարանական եկեղեցիէն աստուածաբան ու բարերար Արմենակ Յարութիւն Հայկազեանի, որ ծնած էր 1870 թուականին Խարբերդի մէջ։ Այսօր սփիւռքի միակ հայկական համալսարանն է Պէյրութի Հայկազեանը, որ կը կրէ անոր անունը։

Ձեռնարկի բացումը կատարեց թանգարանի տնօրէն պատմաբան Յարութիւն Մարութեան, որ ընդգծեց ձեռնարկի եզակի իմաստը։ Ան դիտել տուաւ, որ մեծ գործիչին նկատմամբ երախտիքի տուրքը, խորքին մէջ, հատուցում մըն է անոր թողած աւանդին ու վաւերական ներկայութեան համար։

Մարութեան նաեւ բարձր գնահատեց իր գլխաւորած թանգարանի եւ Պէյրութի Հայկազեան համալասարանի միջեւ համագործակցութիւնը ու նշեց, որ այս ձեռնարկը եւս  անոր պտուղներէն մին է։

Յարութիւն Մարութեանի ելոյթէն վերջ ներկաներուն իր սրտի խօսքը փոխանցեց Հայկազեան համալսարանի նախագահ վերապատուելի Փօլ Հայտոսթեան, որ Երեւան մեկնած էր այս ձեռնարկին առթիւ։ Մատնանշելով օրուան կարեւորութիւնը՝ ան մասնաւորապէս ըսաւ. «Ինծի համար զգացական է այս օրը, որովհետեւ այս տարին կը յաջորդէ հայ ժողովուրդին համար աւելի քան ծանր տարուան մը՝ 2020-ին, որու ընթացքին մենք ունեցանք հազարաւոր զոհեր։ Ու այս օրերուն անգամ մը եւս կը շեշտուի զոհ ըմբռնումը, նահատակ ըմբռնումը. մենք պարտաւոր ենք յարգելու ո՛չ միայն մեր նահատակներուն յիշատակը, այլեւ՝ Արցախի վերջին պատերազմի զոհուածներուն յիշատակը։ Պարտաւոր ենք յարգել ու խոնարհիլ այն թարմ արեան առջեւ, որ հոսեցաւ յանուն մեր հողին ու հայրենիքին։ Ու կը մաղթեմ եւ կ՚աղօթեմ, որ արժէքը գիտնանք ու տէր կանգնինք մեր նահատակներուն, մեր արժէքներուն եւ մեր ժողովուրդին»։ Ապա Փօլ Հայտոսթեան մանրամասն ներկայացուց հոգելոյս Արմենակ Հայկազեանի կենսագրական տուեալները, սկսած իր ծննդավայրէն հասնելով մինչեւ Միացեալ Նահանգներ, ուր ուսման կողքին ան կարողացած է հասարակական մեծ գործունէութիւն ծաւալել, անշուշտ, նպատակ ունենալով հասնիլ եւ օժանդակել պատմական Հայաստանի իր հօտի անդամներուն ու ժողովուրդին։

Փօլ Հայտոսթեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ Արմենակ Հայկազեան սովորական բարերար մը կամ գործիչ մը չէր, այլ աւելին էր ու այդ առումով ան մասնաւորապէս նշեց՝ «Միայն նուիրատու մը չէր ան, բարերար մը չէր, այլ մտաւորական էր, աստուածաբան։ Անոր կեանքը վերջ գտաւ ճիշդ հարիւր տարի առաջ այսօր՝ 7 յուլիս 1920-ին, իր ծննդավայր Խարբերդի մէջ։ Մեզի համար այս յատուկ օրը նաեւ կ՚իմաստաւորուի Արմենակ Հայկազեանը յիշատակելով՝ այս անգամ հայրենի հողին վրայ»։ Վերապատուելի Փօլ Հայտոսթեան իր խօսքի աւարտին նշեց, որ Արմենակ Հայկազեանի աւանդը մարմին ստացաւ 1955 թուականին, երբ Պէյրութի մէջ հիմնուեցաւ Հայկազեան համալսարանը՝ վերակենդանացնելով ոչ միայն անոր անունը, այլեւ՝ նոր փայլ տալով անոր մեծ աւանդին եւ ժառանգութեան։

Միջոցառման ժամանակ ցուցադրուեցաւ կարճ տեսանիւթ մը, որու ընթացքին ներկաները դիտեցին Արմենակ Հայկազեանի թոռան սրտի խօսքը, որ արտասանուած է Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանի շրջանաւարտներուն առջեւ։

Ձեռնարկի աւարտին ներկաները՝ գլխաւորութեամբ Փօլ Հայտոսթեանի, ուղղուեցան Ծիծեռնակաբերդի յուշահալամիր, ուր ծաղիկներ խոնարհեցին Արմենակ Հայկազեանի, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի նոր ու հին բոլոր նահատակներու յիշատակին։

Հինգշաբթի, Յուլիս 8, 2021