ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՆՈՐ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Եիցաք Հերցոք երէկ պաշտօնապէս ստանձնեց Իսրայէլի նախագահի պաշտօնը։ Քնեսեթէ ներս տեղի ունեցած երդման արարողութիւնով ան դարձաւ Իսրայէլի 11-րդ նախագահը։

Եիցաք Հերցոք ընտրուած էր անցեալ յունիսի 2-ին եւ Քնեսեթի մէջ տեղի ունեցած քուէարկութեան արդիւնքով ստանալով 120 երեսփոխանի քուէն։ Ան նախագահի պաշտօնին մէջ կը յաջորդէ Ռէուվէն Ռիվլինին։ Իսրայէլի մէջ անձ մը նախագահ կրնայ ընտրուիլ միայն մէկ անգամ՝ եօթ տարուայ ժամկէտով։ Նորընտիր նախագահը երդման արարողութեան ընթացքին յայտնեց, որ պիտի փորձէ վերակառուցել յոյսը ու պիտի ջանայ Իսրայէլի շահերն ու մօտեցումները ներկայացնել միջազգային բեմահարթակի վրայ։ Ըստ իրեն, Իսրայէլի քաղաքականութեան մէջ աւելի մեղմութեան կարիքը կը զգացուի։ Արդարեւ, երկրէն ներս միասնականութիւնն ու հասարակաց արժէքները աւելի քան երբեք դարձած են փխրուն։ Իր խօսքով, հասարակութենէն ներս զանազան խմբաւորումներու միջեւ քինախնդրութիւնը կրնայ ծանր հետեւանքներ ունենալ։ Ուստի, ան կոչ ուղղեց, որպէսզի փոքրամասնութիւնները աւելի համարկուին հասարակութեան եւ իսրայէլացիները աւելի նախանձախնդիր վարուին անոնց հետ համակեցութեան ուղղութեամբ։

Եիցաք Հերցոք որդին է Իսրայէլի նախկին նախագահներէն Հայիմ Հերցոքի։

Հինգշաբթի, Յուլիս 8, 2021