ԽԹԱՆԵԼ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄԸ

Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլի յայտարարեց, որ իր երկիրը կը յուսայ Եւրոմիութեան լիիրաւ անդամ դառնալ՝ անկախ մարտահրաւէրներէն։

Ղարիպաշվիլի երէկ Թիֆլիզի մէջ հիւրընկալեց Եւրոյանձնաժողովի հարեւանութեան եւ ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Օլիվեր Վարհէին, որ ներկայիս տարածքաշրջանային ուղեւորութեան մը ձեռնարկած է դէպի Հարաւային Կովկաս։ Ղարիպաշվիլի եւ Վարհէի երէկ Թիֆլիզի մէջ սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին վրացի վարչապետը ըսաւ. «Կը ցանկանանք անգամ մը եւս հաստատել, որ մեր երկրի բնակչութեան բացարձակ մեծամասնութիւնը՝ մօտաւորապէս 80 տոկոսը կողմնակից է Վրաստանի եւրոհամարկման։ Մեր ղեկավարութեան որոշմամբ՝ տարիներ առաջ փոփոխութիւններ կատարուած են սահմանադրութեան մէջ եւ այն ժամանակ մենք կողմնորոշուած ենք արտաքին քաղաքականութեան ուղղութեան հարցին մէջ։ Բոլորը յանգած են միասնական կարծիքի, թէ սա Եւրոատլանտեան ուղղութիւնն է։ Այս գործընթացին մէջ մենք լաւ կը հասկնանք, թէ երկիր մը, որ տակաւին երիտասարդ ժողովրդավարութիւն մըն է, կանգնած է մշտական մարտահրաւէրներու առջեւ, սակայն սա մեզ չի վախեցներ, որովհետեւ կը հաւատանք, թէ յաջողութեամբ կ՚անցնինք այս ուղին եւ կը դառնանք Եւրոմիութեան լիիրաւ անդամ»։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, երէկ տեղեկացուեցաւ, որ քորոնաժահրի համաճարակին յաջորդած առկայ փուլին մէջ Եւրոմիութիւնը որոշած է 4 միլիառ եւրոյով օգնութիւն տրամադրել Վրաստանին՝ տնտեսական զարգացումը խթանելու եւ բնակչութեան ընկերային պայմանները բարելաւելու նպատակով։ Իրակլի Ղարիպաշվիլի համոզուած է, թէ ԵՄ-ի այս նախաձեռնութիւնը հնարաւորութիւն պիտի ստեղծէ, որպէսզի քորոնաժահրի համաճարակի հետեւանքները մեղմանան Վրաստանի մէջ։

Հարկ է նշել, որ Վարհէիի տարածքաշրջանային այցելութեան ընդառաջ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու ղեկավարները հաստատեցին՝ Արեւելեան գործընկերութեան մասնակից պետութիւններուն համար նախատեսուած տնտեսական օժանդակութեան ծրար մը, որու ընդհանուր ծաւալը կը հասնի 17 միլիառ եւրոյի։ Այդ գումարին շուրջ 9 տոկոսը՝ այսինքն շուրջ 1.5 միլիառ եւրոն յառաջիկայ հինգ տարիներուն պիտի յատկացուի Հայաստանին։ Հարաւային Կովկասի շփումներու ծիրէն ներս եւրոպացի յանձնակատարը կ՚այցելէ նաեւ Երեւան եւ Պաքու։

Հինգշաբթի, Յուլիս 8, 2021