«ՄՐՋԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐՋԱԼՈՅՍ»ԷՆ ԱՆԴԻՆ

Փարիզի մեր պաշտօնակից «Նոր Յա-ռաջ» թերթի վերջին համարներէն մէկուն մէջ, Անի Բրդոյեան-Ղազարեանի ստորագրութեամբ կը կարդանք.-

Երեւանի «Յովհաննիսեան» կաճառին մէջ տեղի ունեցաւ «Մշակոյթ եւ արդիականացում» ծրագրի ծիրէն ներս «Յովհաննիսեան սեմինարներու» հերթական հանդիպումը: Ծրագիրը իրականացուեցաւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի հովանաւորութեամբ:

Հանդիպման օրուան բանախօսն էր ֆրանսահայ փիլիսոփայ, Փարիզի համալսարանի փիլիսոփայութեան դասախօս՝ Ժիրայր Մալխասեան: «Զաւէն Պիպեռեան՝ մեծամասնական հասարակութեան եւ ճնշուած փոքրամասնութեան մտաւորականը» խորագրին ներքոյ, բանախօսը առցանց մասնակցութեամբ վիպագիր Զաւէն Պիպեռեանի կեանքի ու գործունէութեան ծալքերը մի առ մի պարզեց:

Ձեռնարկին ներկայ
էին հայրենի եւ սփիւռքահայ ընթերցասէրներ,
գրականագէտներ, լեզուաբաններ: Բացումը
կատարեց գրականագէտ, բանասէր «Յովհաննիսեան» կաճառի անձնակազմէն՝ Սիրանոյշ Դվոյեան, որ նախ ծանօթացուց բանախօսը, ապա Զաւէն Պիպեռեանի գլուխ գործոց՝ «Մրջիւններու վերջալոյս»էն հատուած մը ընթերցեց:

Բանախօսը իր խօսքին սկսաւ «Անծանօթ եւ տարօրինակ անձնաւորութիւն մը» որակելով Պիպեռեանը ու շարունակեց. «Անծանօթ՝ Հայաստանի մէջ եւ սփիւռքի տարածքին, բայց մտաւորական, թղթակից, գրող եւ հրապարակախօս մը Պոլիսէն, որ տեսակ մը կղզի դարձաւ սփիւռքի մէջ, ուր, ինչպէս արեւմտեան սփիւռքի բոլոր համայնքներուն մէջ, հայերէնը փայլուն վիճակի մէջ չէր. ահա թէ ինչո՞ւ Պիպեռեանի պէս վիպագիրի մը գործերը կարդալը դիւրին չէր»։

Ժիրայր Մալխասեան Պիպեռեանի կեանքին ու գործունէութեան ծանօթացման համար նախ պատմական ակնարկ մը նետեց գրողին ծնունդէն մահը երկարող տարիներուն՝ 1921-1984 թուականներու ընթացքին տեղի ունեցած անցուդարձերուն՝ Թուրքիոյ Հանրապետութենէն ներս: Ան անդրադարձաւ Լոզանի պայմանագիրին (1923), Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի իշխանութեան տարիներուն, ապա Թուրքիոյ ժողովրդավարացման շրջանին տեղի ունեցած յեղաշրջումներուն: Այս բոլոր ժամանակահատուածի դէպքերուն արտայայտութիւնը կը կրէ Զաւէն Պիպեռեանի գրականութիւնը:

Հետաքրքրական էր Պիպեռեանի հայերէնի իմացութեան մանրամասնութիւններուն հաղորդումը: Արդարեւ, գրողին գրական ու մշակութային լեզուն մինչեւ քսանհինգ տարեկանը, եղած է ֆրանսերէնը, որ կու գայ Պոլսոյ Ս. Ժոզէֆ ֆրանսական վարժարան յաճախումէն, որմէ առաջ՝ հայկական նախակրթարան եւ ետքը՝ թրքական համալսարան, ապա պիտի գայ զինուորական ծառայութեան շրջանը՝ «Նաֆուրա թաքըմը»ին՝ շինարարական ջոկատներուն մէջ զինուորական երեքուկէս տարուան ծառայութեան ժամանակաշրջանը: 1940-ական թուականներուն, ոչ-մահմետական զինուորագրեալները հեռու կը պահուէին զինավարժութենէ եւ շինարարական ծանր աշխատանքներու կը կոչուէին: 1941-ի աշնան զինուորագրուած Պիպեռեան, 42-ամսեայ ծառայութեան մասին իր ինքնակենսագրականին մէջ կը գրէ. «Կը ցաւիմ երիտասարդութեանս գեղեցկագոյն տարիները վայրի լեռներու եւ անտառներու մէջ անցուցած ըլլալուս։ Այդ 42 ամիսները սակայն ինծի առիթ մը եղան, որ հայերէն սորվիմ, անհամար էջեր մրոտելով եւ իւրաքանչիւր բառին ուղղագրութիւնը բառարանէ ստուգելով։ Յամառութեան մը արդիւնք եղաւ այս աշխատանքը»։

Մէջբերուած հատուածը քաղուած է Պիպեռեանի ֆրանսերէն նամակ-ինքնակենսագրականէն, ուղղուած՝ ֆրանսահայ մտաւորական Հրանդ Բալուեանին: Այս նամակը ի յայտ բերած է հայագէտ, յունագէտ Էրվէ Ժորժըլէն՝ Պիպեռեանի երկերուն ֆրանսերէնի թարգմանիչը:

Զինուորական ծառայութենէն վերադարձին՝ Պիպեռեան սկսած է աշխատակցիլ հայերէն եւ թրքերէն թերթերու: Այն ատեն է, որ կը նշմարուի երկու յօդուածներու շնորհիւ. առաջինը՝ 1945-ին ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին մէջ «Քրիստոնէութեան վախճանն է» վերնագրեալ յօդուածով եւ երկրորդը՝ «Նոր լուր» պոլսահայ թերթին մէջ՝ «Ալ կը բաւէ» խորագրով. «Ինչո՞ւ «Ալ կը բաւէ», որովհետեւ Թուրքիոյ մէջ Երկրորդ աշխարհամարտի աւարտին սկսաւ տարածուիլ ուժեղ հակահայ արշաւ մը, եւ Պիպեռեան կ՚ուզէր բողոքել այս անհիմն քարոզչութեան հանդէպ։ Այս յօդուածին պատճառով բանտարկուեցաւ եւ աքսորի փորձառութիւն մըն ալ ապրեցաւ ի Պէյրութ, 1949-1953 թուականներու միջեւ, ուր աշխատակցեցաւ «Զարթօնք» եւ «Արարատ» թերթերուն։ «Սա նշանաւոր սփիւռքէն ես ալ ճաշակեցի փսխելու աստիճան», ըսած է իր նամակին մէջ, իրեն հանդէպ արհամարհական վերաբերումին պատճառով», յայտնեց բանախօսը:

Ապա անդրադարձ մը կատարուեցաւ Պիպեռեանի գրական ուղիին, թէ՝ «1961-ին հրատարակուեցաւ իր պատմուածքներու շարքը՝ «Ծովը», երբ ինք 40 տարեկան էր, ապա 1950-ականներուն, առաջին վէպը՝ «Լկրտածը», որ միակ վէպն է, որ անձամբ թրքերէնի թարգմանեց, բայց վերնագիրը փոխեց՝ «Եալնըզլար»ի («Առանձինները»): Ապա հրատարակեց «Անկուտի սիրահարները» 1960-ականներուն եւ 1970-ին ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին մէջ իբրեւ թերթօն սկսաւ հրատարակել «Մրջիւններու վերջալոյսը», որ իբրեւ վէպ լոյս տեսաւ իր մահուան տարին՝ 1984-ին: Իր անտիպները հաւաքուեցան յետմահու «Անհուն երկինք աչքերու մէջ» խորագրին տակ, որ տպուեցաւ անցեալ տարի «Արաս» հրատարակչատան կողմէ»։

«Մրջիւններու վերջալոյսը»ին վերջին հրատարակութեան մէջ («Արաս», Պոլիս, 2021) ամփոփուած են Սեւան Տէյիրմենճեանի՝ նախաբան, Յարութիւն Քիւրքճեանի եւ Մարկ Նշանեանի արժէքաւոր յօդուածները: Մարկ Նշանեանի յօդուածը 1984-ին, վէպին առաջին հրատարակութեան առթիւ, լոյս տեսած է «Յառաջ»ի մէջ:

Ուրբաթ, Յուլիս 8, 2022