ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Հայաստանի կառավարութեան երէկուան հերթական ժողովի բացման վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս արձանագրուած վերջին զարգացումներուն։ Ծանօթ է, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչներու՝ Սերտար Քըլըչի եւ Ռուբէն Ռուբինեանի Վիեննայի վերջին հանդիպման աւարտին հրապարակուած էր, որ կողմերու միջեւ գոյացած են կարգ մը պայմանաւորուածութիւններ։ Այս կապակցութեամբ Նիկոլ Փաշինեանն ալ երէկ ըսաւ. «Տեղեակ էք, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչները վերջին հանդիպման արդիւնքով հասած են պայմանաւորուածութեան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանը բանալ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար եւ Թուրքիա-Հայաստան ու հակառակ ուղղութեամբ բեռնափոխադրումներ իրականացնել օդային փոխադրամիջոցներով։ Հիմա, շատ կարեւոր է, որպէսզի մեր գերատեսչութիւնները Թուրքիոյ համապատասխան գերատեսչութիւններուն հետ աշխատին, որովհետեւ քաղաքական պայմանաւորուածութիւնը՝ պայմանաւորուածութիւն, բայց այդ աշխատանքէն կախուած է անոնց իրագործումը։ Իմ յանձնարարութիւնն է, որպէսզի համակարգուած աշխատինք, հնարաւորինս շուտ կարողանանք իրագործել ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները»։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Տնտեսութեան նախարար Վահան Քերովբեանն ալ կառավարութեան երէկուան նիստէն վերջ լրագրողներու հետ զրուցելու ժամանակ անդրադարձաւ Թուրքիա-Հայաստան սահմանի բացման վերաբերեալ պայմանաւորուածութեան։ «Այժմ մենք, ըստ էութեան, Հայաստանը փակուղիէն կը վերածենք խաչմերուկի։ Բնականաբար, արդիւնքին կ՚ունենանք շատ մեծ ազդեցութիւններ բոլոր առումներով՝ թէ՛ տնտեսական եւ թէ տարանցիկ», ըսաւ նախարարը։

Ուրբաթ, Յուլիս 8, 2022