ԵՊՀ ՄԵԾԱՐԵՑ ՆՈՒՊԱՐ ԱՖԷԵԱՆԸ

Երեւանի Պետական համալսարանէն ներս երէկ պատուոյ տոքթորի կոչում շնորհուեցաւ ամերիկահայ յայտնի գիտնական, գործարար ու բարերար Նուպար Աֆէեանին, որ համահիմնադիրն է՝ քորոնաժահրի դէմ պատուաստանիւթ արտադրած «Moderna» ընկերութեան։ Նուպար Աֆէեանի ի պատիւ կազմակերպուած մեծարանքի հանդիսութեան ընթացքին Երեւանի Պետական համալսարանի վերատեսուչ Յովհաննէս Յովհաննիսեան յանձնեց պատուակալ տոքթորի վկայականը։ Մինչ վերատեսուչը դրուատիքով արտայայտուեցաւ Աֆէեանի գործունէութեան մասին, ընթերցեց անոր մանրամասն կենսագրութիւնը, մեծարեալն ալ հանդէս եկաւ սրտի խօսքով մը։

Միւս կողմէ, Նուպար Աֆէեան երէկ հիւրընկալուեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի կողմէ։

Ուրբաթ, Յուլիս 8, 2022