ԹԵՀՐԱՆ ԴԷՄ Է ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԷ ՆԵՐՍ ԱՇԽԱՐՀԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ

Հայաստանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Շամխանիի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան բանակցութիւններ վարեց Շամխանիի հետ, որ օրուան տեւողութեան հիւրընկալուեցաւ նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Շամխանի Փաշինեանի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Թեհրան կը սատարէ տարածաշրջանէ ներս ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման գործընթացին՝ պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան պահպանման շրջանակներէն ներս։

Արմէն Գրիգորեանի հետ վարած բանակցութիւններուն զուգահեռ ալ Շամխանի Երեւանի մէջ յայտարարեց. «Թեհրան դէմ է որեւէ քայլի, որ տարածաշրջանէն ներս աշխարհաքաղաքական փոփոխութեան պատճառ կրնայ դառնալ»։ Ան համոզուած է, թէ տարածաշրջանի մէջ ներքին համագործակցութեան միջոցաւ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատումը անհրաժեշտ է։ Իրան կ՚աջակցի այսպիսի ձեւաչափերու. օրինակ՝ «3+3»ը։ Ան յոյս յայտնեց, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւնները կ՚ապահովեն տեւական խաղաղութիւն՝ երկու երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան պահպանման շրջանակին մէջ։ Բաց աստի, ան ընդգծեց, որ պէտք է յարգուին պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան սկզբունքները։

Ուրբաթ, Յուլիս 8, 2022