ՄԵՐՔԵԼ «ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ»Ի ԳՈՐԾԱԿԻՑ

Գերմանիոյ նախկին վարչապետ Անկելա Մերքել պիտի գլխաւորէ Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի մարդասիրական մրցանակի դատակազմը։ 2020 թուականին հաստատուած է այս մրցանակը, որու դափնեկիրին կը տրուի 1 միլիոն եւրօ։ «Կիւլպէնկեան» մարդասիրական մրցանակը հաստատուած է հիմնարկին կողմէ՝ նպատակ ունենալով խրախուսել այն անհատները, խումբերը կամ կազմակերպութիւնները, որոնք բացառիկ ջանքեր կը գործադրեն կլիմայական տագնապի դէմ պայքարելու ուղղութեամբ։ Մրցանակի հաստատումէն ի վեր դատակազմը կը գլխաւորէր Խորխէ Սամփայիօ, որուն պիտի յաջորդէ Անկելա Մերքել։

Ըստ Փարիզի «Նոր Յառաջ»ի հաղորդումներուն, 2021 թուականի դեկտեմբերին մեծ քաղաքականութենէն հեռանալէն վերջ սա Անկելա Մերքելի կողմէ ընդունուած առաջին պաշտօնը կը հանդիսանայ։

Ուրբաթ, Յուլիս 8, 2022