ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ-ԼԱՒՐՈՎ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Էնտոնեզիոյ Պալի կղզիին մէջ, ուր անոնք կը գտնուէին Մեծն քսանեակի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքին առթիւ։

Կը հաղորդուի, որ Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Սերկէյ Լաւրով առաջնահերթօրէն կանգ առած են Ուքրայնայի տագնապին վրայ՝ ներառեալ Սեւ ծովէն հացահատիկի փոխադրութեան միջանցքին բացուիլը։

Չավուշօղլու նախօրէին հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցած էր Ուքրայնայի Արտաքին գործոց նախարար Տիմիթրօ Քուլեպայի հետ։

Ուրբաթ, Յուլիս 8, 2022