ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ ՀԱՄԵՐԳ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) նախաձեռնութեամբ վերջերս Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցաւ յատկանշական համերգաշար մը։ «Հայաստանի բարձրացող աստղերուն աջակցութիւն» խորագրեալ այս համերգաշարին մասնակցութիւն բերին զանազան հայ երաժիշտներ կամ երաժշտական խումբեր։ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Ֆրանսա-Եւրոպայի մասնաճիւղի կատարողական արուեստներու բաժանմունքը սոյն համերգաշարը կազմակերպած էր համագործակցելով «Պօղոսեան» հիմնարկի եւ Պելժիահայ մշակութային միութեան հետ։

Villa Empain-ի եւ Հայկական մշակութային կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցան համերգները։ Այս ծրագրի մասնակիցներու շարքին էր յայտնի տուտուկահար վարպետ Լեւոն Մինասեան։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 8, 2019