ԹՈՒՐՔԻԱ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՈՐՈՇԵՑԻՆ ՍՏԵՂԾԵԼ ՄԵՏԻԱՅԻ ՀԱՐԹԱԿ ՄԸ

Հանրապետութեան նախագահութեան առընթեր հաղորդակցութեան բաժանմունքի պետ Ֆահրետտին Ալթուն երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի օգնականներէն Հիքմէթ Հաճիեւի հետ, որ պատասխանատու է արտաքին քաղաքականութեան հարցերու գծով։ Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը։ Ալթուն-Հաճիեւ զրոյցին յաջորդեցին պատուիրակութիւններու միջեւ քննարկումները։ Այդ պատուիրակութիւններուն մաս կազմեցին երկու երկիրներու զանգուածային լրատուութեան միջոցներու եւ հաղորդակցութեան ոլորտի կառոյցներու բարձրաստիճան իրաւասուներ։

Ֆահրետտին Ալթուն նշեց, որ թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ Ատրպէյճանի միջեւ վարկաբեկման, հեղինակազրկման արշաւներ յառաջ կը տարուին։ «Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի վրայ յարձակողները, մեր պետութիւններու դէմ ապատեղեկատուութեան եւ հեղինակազրկման գործունէութիւններ յառաջ տանողները, մեր քաղաքացիներու կեանքն ու ստացուածքը թիրախաւորողները նոյնն են։ Ուստի, մեզի կը մնայ միասնական ըլլալ», ըսաւ Ֆահրետտին Ալթուն։

Երէկուան հանդիպման զուգահեռ յայտարարուեցաւ, որ կողմերը համաձայնած են Թուրքիա-Ատրպէյճան մետիայի հարթակ մը ստեղծելու ուղղութեամբ։ Այս նորաստեղծ հարթակին միջոցաւ երկու երկիրներու զանգուածային լրատուութեան միջոցները համարկուած ձեւով պիտի շարժին եւ ժողովուրդներու իրազեկման նպատակով աշխոյժ գործունէութիւն պիտի ծաւալեն։ Ըստ Ֆահրետտին Ալթունի, արտաքին աշխարհէն եկած հակաքարոզչութեան դէմ պայքարելու նպատակով համատեղ ռազմավարութիւններ արտադրելու վերաբերեալ խնդիրները արժեւորուած են երէկուան քննարկումներուն ժամանակ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2020