ՏԱՐԱԾՔԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԱՅՑ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Թուրքիոյ հետ իր երկրի համագործակցութիւնը չ՚անդրադառնար Յունական Կիպրոսի հետ երկխօսութեան վրայ։ Լաւրովի խօսքով՝ ռուս-թրքական համագործակցութեան խորացումը չէ ազդած ու չ՚ազդեր Մոսկուա-Նիկոսիա երկխօսութեան վրայ։

«Թուրքիոյ հետ մեր յարաբերութիւններու հարցին մէջ կը փափաքէի մեր Կիպրոսի բարեկամները հաւաստիացնել, թէ ռուս-թրքական համագործակցութեան խորացումը, տարածքաշրջանային հարցերու ուղղութեամբ Անգարայի հետ համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը որեւէ ձեւով չէ ազդած եւ պիտի չազգէ Նիկոսիոյ հետ մեր երկխօսութեան վրայ», ըսաւ Լաւրով Յունական Կիպրոսի թերթերէն մէկուն տուած հարցազրոյցին մէջ։ Ռուսական կողմի գնահատմամբ՝ տարածքաշրջանէ ներս ապագայ ապակայունացման իրավիճակի մը ստեղծման թոյլ չտալու քաղաքական կամքը գոյութիւն ունի թէ՛ Նիկոսիոյ եւ թէ Անգարայի մէջ։ Բաց աստի, կայ համընդհանուր հարթակ մը՝ վիճելի հարցերը արդիւնաւէտօրէն լուծելու համար։ Սա ՄԱԿ-ն է։ «Պատրաստ ենք աջակցիլ բարիդրացիութեան հաստատման, բայց, անշուշտ, միայն այն պարագային, եթէ մեզի այդ մասին շահագրգիռ ձեւով խնդրանք ներկայացնեն երկու կողմերը», ըսաւ Լաւրով։

Թրքական լրատուամիջոցներն ալ անդրադարձած են Լաւրովի այս յայտարարութիւններուն։ Տեղական մամուլը կը գրէ, որ Մոսկուա պատրաստակամ է Թուրքիոյ եւ Յունական Կիպրոսի միջեւ միջնորդ դառնալու։

Սերկէյ Լաւրով այսօր կ՚այցելէ Նիկոսիա։ Այս այցելութիւնը տեղի կ՚ունենայ Ռուսաստանի եւ Յունական Կիպրոսի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 60-ամեակին առթիւ։

Միւս կողմէ, կղզի մեկնելու սեմին, Սերկէյ Լաւրով երէկ այցելեց Դամասկոս։ Սուրիոյ ներքին պատերազմի սկիզբէն ի վեր ան առաջին անգամ այցելեց այդ երկիրը։ Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Եուրի Պորիսով եւ Սերկէյ Լաւրով հիւրընկալուեցան Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատի կողմէ։ Եօթն տարուան ընդհատումէ մը վերջ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը այցելեց Դամասկոս, ուր հանդիպում մըն ալ ունեցաւ իր սուրիացի պաշտօնակցին՝ Վելիտ Մուալլիմի հետ։ Թրքական լրատուամիջոցները այս իրադարձութեան ալ արձագանգ հանդիսացած են։ Տեղական մամուլը կը գրէ, որ Լաւրով զօրակցութեան այց մը տուած է Էսատին։ Քաղաքական մեկնաբաններ ռուս նախարարի ուղեւորութեան ժամկէտն ալ ուշագրաւ կը համարեն։ Արդարեւ, Լաւրովի շփումները համընկնած են այն ժամանակաշրջանին, երբ Ժընեւի մէջ Սուրիոյ նոր սահմանադրութեան մշակման ուղղութեամբ աշխատանքներ կ՚ընթանան։

Դամասկոսի ղեկավարութիւնը Լաւրովի այցելութեան կապակցութեամբ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ Այս առթիւ նշուեցաւ, որ Սուրիոյ վարչախումբը վճռակամ է ռուս գործընկերներու հետ աշխատանքները շարունակելու՝ ստորագրուած համաձայնագրերու գործադրման ուղղութեամբ։ Սուրիայէ ներս ռուսական ներդրումները կը խրախուսուին, որպէսզի անոնք յաջողութեամբ պսակուին։ Երկու երկիրներու տեսակէտէ նպաստաւոր հաւանական նոր համաձայնագրերու մշակումն ալ օրակարգի վրայ է։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2020