1703 ՆՈՐ ՎԱՐԱԿԵԱԼ

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց Թուրքիոյ վերաբերեալ վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, երէկ 103 հազար 925 քննութիւն կատարուեցաւ եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1703 նոր վարակեալ։ Նոյն ժամանակահատուածին եւս 57 հիւանդ զոհ գնաց համաճարակի, իսկ առողջացածներու թիւը եղաւ 1047։ Ներկայ դրութեամբ 1118 հիւանդի կացութիւնը կը գնահատուի ծանր։

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յիշեցուց, որ իւրաքանչիւր օրուայ կտրուածքով ամենաբարձր թիւով վարակումները կ՚արձանագրուին մայրաքաղաք Անգարայի մէջ։ Ծանր վիճակով հիւանդներու թիւն ալ կը շարունակէ բարձրանալ։ «Եթէ սահմանափակումներուն միասնաբար հնազանդինք, ապա ի վերջոյ պարտուողը պիտի ըլլայ քորոնաժահրը», յայտնեց նախարար Ֆահրետիին Քոճա։

Միւս կողմէ, համաճարակի դէմ տարուած պայքարը ընդհանուր արժեւորումի մը ենթարկուեցաւ կառավարութեան երէկուան ժողովին ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Անգարայի մէջ, Պեշթեփէի համալիրէն ներս, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ։ Կը հաղորդուի, որ յառաջիկայ շրջանին սրճարաններն ու ճաշարանները աւելի խիստ ձեւով պիտի հակակշռուին՝ համաճարակի սահմանափակումներու տեսանկիւնէն։ Նախարարաց խորհուրդի երէկուան նիստէն վերջ նախագահ Էրտողան հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին նշեց, որ նախազգուշական միջոցները պիտի խստացուին յառաջիկայ շրջանին։ Հանրային փոխադրամիջոցներու մէջ պիտի չգտնուին ոտքի վրայ ուղեւորներ։ Էրտողան ընդգծեց, որ այլեւս զոհերը պէտք է բացառուին։

Կրթութեան բնագաւառին նկատմամբ կը ցուցաբերուի առանձնայատուկ զգուշութիւն։ Էրտողան շեշտեց, որ դպրոցներէ ներս թէ՛ երես առ երես եւ թէ հեռավար կրթութիւն պիտի կատարուին։ Կրթական գործունէութիւնը պիտի տեսակաւորուի՝ ըստ համավարակի ընթացքին եւ քաղաքներու առանձնայատկութիւններուն։

Ի լրումն այս բոլորին, Էրտողան յիշեցուց, որ Եւրոպայի կարգ մը երկիրներ կը դիմագրաւեն համավարակի նոր ալիք մը։ Այս համայնապատկերին վրայ Թուրքիա բաւական լաւ վիճակի մը մէջ կը գտնուի՝ թէ՛ իր առողջապահական ենթակառուցուածքներու ուժով եւ թէ ձեռք առնուած նախազգուշական միջոցներով։ Բայց եւ այնպէս, երկրի ներկայ կացութիւնը ընդունելի չէ։ Քաղաքացիները պէտք է ամբողջապէս հնազանդին մաքրութեան, ֆիզիքական հեռաւորութեան եւ դիմակ կրելու կանոններուն։ Քաղաքներու պարագային ալ յաւելեալ միջոցներ ձեռք կ՚առնուին՝ ըստ կարիքներուն։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2020