ՆԱԹՕ-ԷՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՊԱՏԳԱՄ

ՆԱ­ԹՕ-ի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար­նե­րը այ­սօր կը մէկ­տե­ղուին Պրիւք­սե­լի մէջ՝ քննար­կե­լու հա­մար Ռու­սաս­տա­նի կող­մէ Սու­րիոյ մէջ ի­րա­կա­նա­ցուած օ­դա­յին գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը։ Մինչ այդ, ՆԱ­ԹՕ-ի Ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Եէնս Շթոլ­թեն­պերկ յայ­տա­րա­րեց, թէ ՆԱ­ԹՕ պատ­րաստ է զի­նուոր ա­ռա­քե­լու Թուր­քիա՝ հա­րա­ւա­յին սահ­մա­նէն գա­լիք հա­ւա­նա­կան սպառ­նա­լիք­նե­րու դի­մաց պաշտ­պա­նե­լու հա­մար իր դաշ­նա­կի­ցը։  Շթոլ­թեն­պերկ կոչ ուղ­ղեց նաեւ Ռու­սաս­տա­նին, որ­պէս­զի Սու­րիոյ մէջ նե­ցուկ չկանգ­նի Պե­շար Է­սա­տի վար­չա­կար­գին, այլ պա­տե­րազմ մղէ Իս­լա­մա­կան պե­տու­թեան դէմ։

Ինչ­պէս յայտ­նի է, Սու­րու­չի ցա­ւա­լի դէպ­քէն եւ ՓՔՔ­-ի դէմ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու սկսե­լէ ետք Ան­գա­րա ար­տա­հերթ նիս­տի հրա­ւի­րած էր ՆԱ­ԹՕ-ն։ Այ­սօրո­ւան ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին կ՚ակն­կա­լուի, որ պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար­նե­րը ի­րենց զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նեն Թուր­քիոյ։ Բաց աս­տի, նա­խա­րար­նե­րը Ռու­սաս­տա­նի կող­մէ Ուք­րայ­նոյ ա­րե­ւել­քին դէմ կա­տա­րուած մի­ջամ­տու­թեան հե­տե­ւան­քով Պալ­թեան եր­կիր­նե­րու ան­հանգս­տու­թիւնն ալ պի­տի ար­տա­յայ­տեն։

Մինչ այդ, Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Էշ Քար­թըր յայ­տա­րա­րեց, թէ խնդրոյ ա­ռար­կայ չի կրնար ըլ­լալ ԱՄՆ-ի եւ Ռու­սաս­տա­նի զի­նուո­րա­կան գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը Սու­րիոյ տա­րած­քին վրայ։ Ըստ Քար­թը­րի, Ռու­սաս­տա­նի Սու­րիոյ ռազ­մա­վա­րու­թիւ­նը թե­րի է։ Նախարարը յայտնեց սակայն, որ միայն թեքնիկ բնոյթով պարզ տեսակցութիւնները պիտի շարունակուին։ Ան խստօ-րէն քննադատեց նաեւ Ռուսաստանի կատարած ռըմ-բակոծութիւնները։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2015