Ս. ՍՏԵ­ՓԱ­ՆՈՍ ՆԱ­ԽԱՎ­ԿԱՅ ՎԱՆ­ՔԻ ՏԱ­ՃԱ­ՐԻՆ ՎԵ­ՐԱ­ՆՈ­ՐՈԳ­ՄԱՆ ԱՇ­ԽԱ­ՏԱՆՔ­ՆԵ­ՐԸ ԿԸ ՇԱ­ՐՈՒ­ՆԱ­ԿՈ­ՒԻՆ

Ատր­պա­տա­կա­նի Հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Գրի­գոր Եպիսկոպոս Չիֆթ­ճեան մեկ­ն­­ե­ցաւ Դա­րա­շամբ, Ճուլ­ֆա քա­ղա­քը, հե­տե­ւե­լու Ս. Ստե­փա­նոս վան­­քի տա­ճա­րի վե­րա­նո­րո­գու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րուն:

Յայտ­նենք, թէ՝ շուրջ եր­կու ա­միս­ներ ա­ռաջ, Ի­րա­նի Մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գութ­եան եւ Ի­րա­նի Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու պահ­պան­ման պե­տա­կան հիմ­նար­կու­թեան միա­ցեալ ջան­քե­րով, ու Ատր­պա­տա­կա­նի Հա­յոց Թե­մի հսկո­ղու­թեամբ, տա­ճա­րի վե­րա­նո­րո­գու­թեան նա­խա­ձեռ­նուած էր: Ի­րա­նի Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու պե­տա­կան հիմ­նար­կու­թեան տնօ­րէն՝ Շեր­լի Ա­ւե­տեա­նի ան­մի­ջա­կան հե­տե­ւո­ղու­թեամբ, սոյն աշ­խա­տան­քին հա­մար նշա­նակ­ուած էր Հա­յաս­տա­նէն վե­րա­կա­ռու­ցող վար­պետ Մար­տի­րոս Չա­լու­մեա­ն:

Տա­ճա­րի վե­րա­նո­րո­գու­թեան աշ­խա­տան­քինզ ձեռ­նարկ­ման հիմ­նա­կան պատճառ հան­դի­սա­ցած էր, տա­նի­քի ա­րեւմ­տեան մա­սին մէջ բա­ցա­յայտ ե­րեւ­ցող խո­նա­ւութ­իւ­նը, ո­րուն ազ­դե­ցու­թիւ­նը կը հաս­նէր մին­չեւ հի­մե­րը: Ուս­տի, ճար­տա­րա­պե­տա­կան խոր­հուր­դին ո­րո­շու­մով, քա­կուե­ցան քա­րե­րը տա­ճա­րի ա­րեւմ­տեան տա­նի­քին, ուր­կէ դա­տար­կուե­ցաւ մեծ քա­նա­կու­թեամբ խո­նաւ հող, միա­ժա­մա­նակ թե­թեւց­նե­լով կա­ռոյ­ցը յա­ւե­լեալ բե­ռնէ:

Սրբա­զան Հայ­րը Վանք իր այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին հան­դի­պե­լով շի­նա­րար­նե­րուն եւ յատ­­կա­պէս վար­պետ Մար­տի­րո­սին հետ, բա­ցատ­րու­թիւն ստա­ցաւ վե­րա­նո­րո­գու­թեան ձե­ւե­րուն մա­սին: Ա­նոնք բա­ցատ­րե­ցին, թէ ինչ­պէս ա­րեւմ­տեան տա­նի­քին հո­ղը դա­տար­կե­լով, հա­սեր էին մին­չեւ տա­ճա­րին կա­մար­նե­րուն եւ ա­նոնք ալ ամ­րապն­դե­լէ ետք, ջրա­մե­կու­սաց­ման նիւ­թով պա­տեր էին, ու ա­պա սկսեր էին փա­կել տա­նի­քը:

Ար­տաք­նա­պէս հնու­թիւ­նը պահ­պա­նե­լով, ճար­տա­րա­պե­տա­կան խոր­հուր­դը շէն­քի պա­տե­րուն մէջ ա­մէ­նէն ար­դիա­կան մի­ջոց­նե­րը կը կի­րար­կէր, դա­րե­րու դի­մաց կան­գուն պա­հե­լու հա­մար, դա­րե­րէն ե­կող մշա­կու­թա­յին գո­հար ժա­ռան­գու­թիւ­նը՝ Ս. Ստե­փա­նոս Նա­խավը-կայ վան­քի չքնաղ տա­ճա­րը:

Տա­ճա­րի ներք­նա­մա­սը եւս վե­րա­նո­րո­գու­թեան կ­ÿեն­թար­կուի, յատ­կա­պէս խո­րա­նին եւ կա­մար­նե­րուն բա­ժին­նե­րը: Խո­րա­նի վե­րա­նո­րո­գու­թեան ըն­թաց­քին, ա­նոր չորս սիւ­նե­րու ծե­փե­րուն տա­կէն ի յայտ կու գան որ­մնան­կար­ներ, ո­րոնք գու­նա­գեղ զար­դա­նախ­շեր են, չորս սիւ­նե­րուն սլա­ցիկ եր­կայն­քը զար­դա­րող: Տա­ճա­րի ա­րեւմ­տեան պա­տի եւ մուտ­քի սիւ­նե­րուն վրայ ած­խա­մա­տի­տով ար­ձա­նագ­րուած յի­շա­տա­կա­րան­նե­րը, ո­րոնք գաղ­թա­կան հա­յե­րու եւ Հա­յաս­տա­նի խորհր­դայ­նա­ցու­մէն ետք փախս­տա­կան հա­յե­րու ձե­ռագ­րեր են, պի­տի պահ­պա­նուին այն­պէս ինչ­պէս կան, իբ­րեւ պատ­մու­թեան հա­մար ար­ժէք ներ­կա­յաց­նող յի­շա­տակ­ներ:

Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զա­նը բարձր գնա­հա­տեց նաեւ վար­պետ Մար­տի­րո­սին քան­դա­­կա­գոր­ծա­կան շնորհ­ը, նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ տա­ճա­րի չորս ու­սե­րուն նստած կեն­դա­նա­կեր­պե­րու գլուխ­նե­րը ան­ցեա­լին ջար­դուած ըլ­լա­լով, վար­պե­տը յա­ջո­ղեր էր նոր գլուխ­ներ քան­դա­կել ա­նոնց հա­մար, ո­րոնք վե­րա­նո­րո­գու­թեան ա­ւար­տին պի­տի ամ­րա­ցուին ի­րենց տե­ղե­րը:

Յի­շեց­նենք, թէ քան­դա­կա­յին եւ խաչ­քա­րա­յին ա­րուես­տով հա­րուստ տա­ճա­րը եւ վա­նա­կան հա­մա­լի­րը, վեր­ջերս անգ­լիա­կան «Տը Թե­լեկ­րաֆ» հե­ղի­նա­կա­ւոր թեր­թը ար­ձա­նագ­րեր էր աշ­խար­հի ա­մե­նէն գե­ղե­ցիկ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու սեղմ ցու­ցա­կին մէջ:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 8, 2016