ԱՐՔԱՅՈՒԹԵԱՆ ԺԱՌԱՆԳՈՐԴ

Ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի յուղարկաւորութիւնը շաբաթ օր կէսօրուան ժամերուն տեղի ունեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ առաջնորդանիստ մայր տաճարին մէջ։ Արարողութեան նախագահեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Փարիզի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ Մայր տաճարին մէջ Նորին Սրբութեան կողքին էին Ֆրանսայի Թեմակալ առաջնորդ Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննէսեան եւ Ռումանիոյ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Տաթեւ Եպսկ. Յակոբեան, նաեւ այլ բարձրաստիճան հոգեւորականներ։ Յուղարկաւորութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ կուռ դամբանական մը, որու ամբողջական պատճէնը հրատարակուած է յարակից սիւնակին մէջ։

Ազնաւուրի յուղարկաւորութեան առթիւ երթեւեկի, ընդհանրապէս հանրութեան եւ նոյնիսկ մամուլին համար փակուած էր Փարիզի «Ժան-Կուժոն» փողոցը, ուր կը գտնուի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ հայոց մայր տաճարը։ Այնտեղ մուտք գործելու կարելիութիւն ունեցան միայն այն շուրջ 200 անձերը, որոնք Շարլ Ազնաւուրի ընտանիքին կողմէ հրաւիրուած էին ներկայ ըլլալու յուղարկաւորութեան արարողութեան։ Այդ անձերը ընդհանրապէս արուեստի աշխարհէն դէմքեր էին։ Ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Ֆրանսայի եւ Հայաստանի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ եւ ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներ։

Յուղարկաւորութենէն վերջ Շարլ Ազնաւուրի մարմինը փոխադրուեցաւ Փարիզի հարաւ-արեւմուտքի Իվլին նահանգի Մոնֆոր-լ՚Ամորի քաղաքը, ուր ամփոփուեցաւ տեղւոյն պատմական վանքերէն մէկու տարածքէն ներս գտնուող ընտանեկան դամբարանին մէջ։

Միւս կողմէ, Շարլ Ազնաւուրի յուղարկաւորութեան ժամուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ մասնաւոր հոգեհանգստեան կարգ։ Մայր տաճարի արարողութեան հանդիսապետեց դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան։ Յուղարկաւորութեան ժամանակ Երեւանի բոլոր եկեղեցիներու զանգերը հնչեցին եւ հայոց մայրաքաղաքի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցան հոգեհանգստեան արարողութիւններ։

Այսպէսով Շարլ Ազնաւուր յաւիտենականութեան ճամբուեցաւ եւ ան վերջնականօրէն հանգրուանեց աշխարհով մէկ սփռուած միլիոնաւոր համակիրներու սրտին մէջ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2018