ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԸ ՁԳՏԻ ԴԱՌՆԱԼ ՓՈՐՁԱԳԻՏԱԿԱՆ, ՆՈՐԱՐԱՐԱԿԱՆ ՅԱՌԱՋԱՏԱՐ ԵՐԿԻՐ ՄԸ

Երեւանի մէջ երէկ սկսաւ Տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու համաշխարհային համաժողովը (WCIT), որ 23-րդն է իր նմաններու շարքին։ «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրէն ներս կազմակերպուած այս համաժողովը ունի աշխարհի 70 երկիրներէ աւելի քան 2500 մասնակից։ Համաժողովի բացման ելոյթով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ ըսաւ. «Մենք կը հաւատանք, թէ Հայաստանը կրնանք դարձնել դրախտ մը տաղանդաւոր մարդոց համար»։

Մեկնաբանելով երկրի վերջին փոփոխութիւններու լոյսին տակ ստեղծուած կացութիւնը՝ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ Հայաստան կը ձգտի դառնալ փորձագիտական, նորարարական յառաջատար երկիրներէն մին աշխարհի վրայ, իսկական փորձագիտական կեդրոն մը։

Համաժողովի ծիրէն ներս Նիկոլ Փաշինեան հանդիպումներ ունեցաւ տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու բնագաւառի հեղինակաւոր ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։ Նիկոլ Փաշինեան ընդունեց նաեւ WCIT 2019-ի համաժողովի մասնակից պաշտօնական պատուիրակութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարները։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2019