ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԵՒ ՓՈՒԹԻՆԻ ՄԻՋԵՒ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորեց Փութինի տարեդարձը։ Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ վերջին օրերուն Երեւանի մէջ՝ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան գագաթաժողովի ծիրէն ներս տեղի ունեցած հանդիպման ժամանակ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կատարման ընթացքին։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2019