ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՈՒՂԻ

Լեռնային Ղարաբաղի առկայ լայնածաւալ պատերազմի մթնոլորտին մէջ բանակցութիւններու վերսկսման համար ճանապարհներու որոնումը կը շարունակուի։ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիան երէկ իր երկրի Ազգային ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անդամներուն հետ հանդիպելու ժամանակ անդրադարձաւ Արցախի հիմնախնդրին։ Ըստ ֆրանսացի նախարարին, հակամարտութեան նոր բաղադրիչը Թուրքիոյ ռազմական ներգրաւումն է։ Սա հարցի միջազգայնացման վտանգ կը ստեղծէ, ինչ որ անցանկալի է։ «Մեր ցանկութիւնը փոխզիջումն է, որու բաղադրիչներն են՝ բոլոր տեսակի նախապայմաններէ հրաժարիլը, հրադադարի պահանջներու պահպանումը եւ բանակցութիւններու սեղանի շուրջ վերադարձը», ըսաւ ան՝ «Ռէօյթըրզ»ի հաղորդումներով։ Ներկայիս իրավիճակը շատ մտահոգիչ է եւ Փարիզ վճռականօրէն շարժման կ՚անցընէ իր բոլոր ուժերը կարգաւորման հասնելու համար։ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հէյքօ Մաասն ալ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ ունեցաւ հեռախօսազրոյց մը ու շեշտեց, որ խնդրի լուծման համար անհրաժեշտ է քաղաքական երկխօսութիւնը։ Նախօրէին Անգլիան ու Գանատան ալ համատեղ կոչով մը հանդէս եկած էին՝ ռազմական գործողութիւններու անյապաղ դադրեցման ի նպաստ Արցախի եւ շրջակայ տարածքներուն մէջ։

Այս բոլորէն վերջ, երէկ Երեւանէն եւ Պաքուէն ուշագրաւ լուրեր հաղորդուեցան։ Այսպէս, Ճէյհուն Պայրամով այսօր Ժընեւ կը մեկնի բանակցութիւններու համար։ Ան կը տեսակցի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանն ալ երկուշաբթի պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Մոսկուա։ Թէ՛ Ժընեւի եւ թէ Մոսկուայի մէջ պիտի շօշափուին Արցախի իրադարձութիւնները։ Այս փուլին թէեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ ուղղակի հանդիպում մը չէ նախատեսուած, սակայն բանակցութիւններու ուղիի մը որոնման տեսակէտէ կը կարեւորուին նախատեսուած շփումները։ Այս մթնոլորտին մէջ ուշագրաւ յայտարարութիւն մըն ալ ըրաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահի Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ռապըրթ Օպրայէն։ «ԹԱՍՍ» գործակալութեան հաղորդումներով, ան նշեց, որ հակառակ կարգ մը հարցերու կապակցութեամբ խորքային տարակարծութիւններու, ԱՄՆ եւ Ռուսաստան կը համագործակցին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան պարագային։ Հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւնները Ուաշինկթըն-Մոսկուա համագործակցութեան օրինակ կը հանդիսանան։

Ղարաբաղեան հիմնախնդիրը երէկ օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ Եւրոխորհրդարանէն ներս։ Յատուկ նիստի ընթացքին ելոյթով մը հանդէս եկաւ ԵՄ-ի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորել։ Այս վերջինը չափազանց անհանգստացուցիչ համարեց Անգարայի լիարժէք աջակցութիւնը Պաքուին։ «Զիս նաեւ շատ կ՚անհանգստացնէ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի ըսածը հեռախօսազրոյցի ընթացքին։ Ան նշեց, որ մարտերը պիտի շարունակուին այնքան ժամանակ, քանի դեռ Հայաստան Լեռնային Ղարաբաղէն դուրս գալու յստակ ժամանակացոյցի մը չի համաձայնիր։ Բանակցութիւններու վերսկսման համար այս պայմանը շատ բարդ է եւ իրավիճակը ամէն օր կը վատթարանայ», ըսաւ Ժոզէֆ Պորել։

Յամենայնդէպս, Պաքուէն բարձրացած կոչին մէջ կը նկատուի երանգաւորումներ։ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ ըսաւ. «Ղարաբաղեան հիմնախնդրի քաղաքական կարգաւորումը պէտք է ամրագրուի աշխարհի յառաջատար պետութիւններու երաշխիքներով եւ այս կազմը պէտք չէ սահմանափակուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներով։ Յետպատերազմեան կարգաւորման գործընթացին մէջ Ռուսաստան եւ Թուրքիա յառաջատար դերակատարութիւն կրնան ստանձնել։ Թուրքիա՝ որպէս մեծ պետութիւն, մեր եւ ամբողջ Հարաւային Կովկասի հարեւանը, իրաւունք ունի մասնակցելու այն միջնորդական առաքելութեան, որ պիտի իրականացուի ռազմական գործողութիւններու աւարտին։ Խաղաղութիւնը ես կը տեսնեմ որպէս ղարաբաղեան հակամարտութեան քաղաքական կարգաւորում, ինչ որ պէտք է համապարփակ, երկրաժամկէտ ու յաւերժ ըլլայ։ Խաղաղութիւնը պէտք է ամրագրուած ըլլայ աշխարհի յառաջատար պետութիւններու լուրջ երաշխիքներով եւ ընդունելի ըլլայ թէ՛ Ատրպէյճանի եւ թէ Հայաստանի համար»։

Ռուսաստանի Առաջին ալիքին տուած հարցազրոյցին ժամանակ Ալիեւի կողմէ կատարուած այս յայտարարութիւնները, մանաւանդ քաղաքական լուծման ի նպաստ խօսքերը արձագանգ գտած են նաեւ հայկական լրասփիւռներու մօտ։ Երեւանեան մեկնաբաններու համոզմամբ, Ալիեւի հռետորաբանութիւնը փոփոխութեան ենթարկուած է եւ պատճառը կրնայ ըլլալ ռազմաճակատի կացութիւնը։ Իր կարգին, Հայաստանի Ազգային ժողովի պաշտպանութեան հարցերով մշտական յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեան այս առաւօտ ըսաւ. «Արցախի մասնակցութիւնը բանակցութիւններուն օրհասական է։ Առանց անոր բանակցութիւնը այլեւս չի կրնար ունենալ որեւէ հեռանկար»։ 

Միւս կողմէ, Վրաստանի վարչապետ Կէորկի Կախարիան ալ երէկ յայտնեց, որ Թիֆլիզ ուղղակիօրէն շահագրգռուած է տարածքաշրջանէ ներս որեւէ հակամարտութեան խաղաղ ճանապարհով կարգաւորմամբ։ Վրաստանի համար ամենամեծ վտանգը տարածքաշրջանէ ներս պատերազմն է։ «Երբ մեր հարեւանութեամբ իսկական պատերազմ մը կ՚ընթանայ, սա շատ մեծ վտանգ մըն է Վրաստանի համար։ Ի հարկէ, մենք կ՚ընենք մեր ուժերէն կախեալ ամէն ինչ, որպէսզի նպաստենք խաղաղութեան հաստատման», ըսաւ Կախարիա։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2020