ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄԵՏԻԱՆ ԱՐՑԱԽԷՆ ՕՐ ՈՒ ԳԻՇԵՐ ԿԱՐԵՒՈՐ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ ԿԸ ՓՈԽԱՆՑԷ ԱՇԽԱՐՀԻՆ

Աւելի քան տասն օրէ ի վեր պատերազմական սաստիկ գործողութիւններ կ՚ընթանան Արցախի մէջ։ Միջազգային մետիան անմիջականօրէն կը հետեւի այս իրադարձութիւններուն, որոնք համաշխարհային օրակարգի վրայ դարձած են առաջնահերթ։ Աշխարհի յառաջատար զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչները շուրջ տասն օրէ ի վեր հրետակոծութեան տակ կ՚աշխատին Արցախի մէջ։ Անոնք օր ու գիշեր Արցախէն կարեւոր պատգամներ կը հասցնեն աշխարհին։ 

Հայկական միասնական տեղեկատուութեան կեդրոնին մէջ, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան երէկ երեկոյեան սարքած մամլոյ ասուլիսին ժամանակ շնորհակալութիւն յայտնեց միջազգային մետիայի ներկայացուցիչներուն եւ ընդգծեց, որ անոնք կ՚աշխատին բաւական լուրջ վտանգներու մթնոլորտին մէջ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2020