ՏԵՒԱԿԱՆ ՀՐԹԻՌԱԿՈԾՈՒԹԻՒՆ

Արդէն տասն օրէ աւելի է, որ տեւական հրթիռակոծութեան կ՚ենթարկուի Արցախը։ Ստեփանակերտը, Շուշին եւ Լեռնային Ղարաբաղի միւս բնակչութեան վայրերը կը շարունակեն ռումբերու տարափի մը տակ մնալ։ Երէկ օրուան ողջ տեւողութեան եւ գիշերը շարունակուեցաւ այս վիճակը, իսկ այս առաւօտեան հաղորդումներով, Ատրպէյճանի բանակը նոր յարձակումի մը ձեռնարկեց Արցախի շփման գծի հիւսիսային եւ հարաւային ուղղութիւններուն վրայ։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ հարաւային ուղղութեամբ կասեցուած են յարձակումները եւ Ատրպէյճանի զօրքերը Ճեպրայիլի մատոյցներէն արդէն հեռացած են։ Հայկական կողմէն հաղորդուած յաջող դիմադրութեան բոլոր լուրերը կը զուգորդուին Արցախի Պաշտպանութեան բանակի նոր նահատակներու անուններու հրապարակումով։ Ռմբակոծումներու տարափը քաղաքային բնակիչներու շարքերէն ալ զոհեր կը խլէ՝ մինչ ահաւոր ձեւով աւերակներ կը յառաջանան Արցախի մէջ, վնասուած ենթակառուցուածքներով հանդերձ։

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ երէկ Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ ընդլայնուած կազմով աշխատանքային խորհրդակցութիւն մը։ Պատերազմական իրավիճակի մէջ պետական կառավարման մարմիններու աշխատանքներու կազմակերպման վերաբերեալ հարցեր շօշափուեցան այս խորհրդակցութեան ընթացքին։

Բոլոր առումներով բարդ առկայ պայմաններուն ներքեւ, երէկ երեկոյեան, Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի եւ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի հետ։ Բանակցութիւններու ընթացքին քննարկուեցաւ Արցախի առկայ իրավիճակը։ Մինչ այդ, Պաքու երէկ ներողութիւն խնդրեց Թեհրանէն՝ վերջին գործողութիւններուն ժամանակ Ատրպէյճանի կողմէ Իրանի տարածքի հրետակոծման բերումով։

Հայկական միասնական տեղեկատուական կեդրոնին մէջ երէկ երեկոյեան կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսին ժամանակ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան ըսաւ. «Մօտ օրէն ամէն ինչ կրնայ իր տրամաբանական աւարտին հասնիլ»։ Ան վերջին օրերու մարտերը բեկումնային համարեց եւ դիտել տուաւ, որ անոնց հիման վրայ յստակ իրավիճակ մը կրնայ ստեղծուիլ։ «Մեր դաշնակիցները մարզադաշտի վրայ չեն, որովհետեւ մենք այդ բանին կարիքը չունինք։ Մենք սեփական արեան գնով կը պաշտպանենք մեր հայրենիքը», ըսաւ Յովհաննիսեան՝ ակնարկելով Ատրպէյճանի բանակի շարքերուն ընդգրկուած վարձկաններու հարցին։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2020