ՓԱՇԻՆԵԱՆ. «ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՆՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԷՏՔ Է ՃԱՆՉՆԱՅ ԱՐՑԱԽԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ»

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Սա Ղարաբաղի մէջ բռնկած պատերազմէն ի վեր երկու ղեկավարներու հինգերորդ հեռախօսազրոյցն է։ Երէկ Փութինի տարեդարձն էր եւ Փաշինեան այս կապակցութեամբ յղեց շնորհաւորութիւններ։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանն ալ նամակով մը շնորհաւորեց Փութինի տարեդարձը։ Նոյնը ըրաւ նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երէկուան հեռախօսազրոյցի ժամանակ Փաշինեան եւ Փութին հերթական անգամ քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակը՝ կարեւորելով ռազմական գործողութիւններու շուտափոյթ դադրեցումը։

Ծանօթ է, որ Փութին երէկ յայտարարութիւններ ըրած էր Լեռնային Ղարաբաղի առկայ պատերազմին շուրջ՝ ողբերգութիւն որակելով ստեղծուած իրավիճակը։ Ան յայտնած էր, որ ՀԱՊԿ-ի դաշնակից Հայաստանի նկատմամբ իր երկիրը ունի պատասխանատուութիւններ։ Օրուան տեւողութեան Փութինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով նշեց, որ Ռուսաստանի կողմէ ստանձնուած պարտաւորութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի վրայ չեն տարածուիր։ Թրքական մամուլը այսօր կարեւորութեամբ կ՚անդրադառնայ Փեսքովի այս նշումին ու կը շեշտէ, որ Ռուսաստան չի համարեր, որ Լեռնային Ղարաբաղ կը պատկանի Հայաստանին։ Փեսքովի խօսքերը այնպէս մեկնաբանուած են, որ Ռուսաստան առանձին կը թողու Հայաստանը։

Միւս կողմէ, Երեւանի ղեկավարութեան յառաջատար դէմքերը երէկ շարունակեցին միջազգային կարեւոր լրատուամիջոցներու հարցազրոյցներ տալ։ Այսպէս, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «Euronews»ին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսաւ. «Այս իրավիճակին մէջ միջազգային հանրութիւնը պէտք է վճռականօրէն քայլ մը առնէ եւ ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը»։ «Sky News»ին տուած հարցազրոյցին ժամանակ ալ Փաշինեան մատնանշեց, որ Ատրպէյճանի հետ հակամարտութիւնը կը վերածուի միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պայքարի։ Փաշինեան հարցազրոյցներ տուաւ նաեւ շարք մը ռուսական հեռուստակայաններու։ Մասնաւորապէս Ռուսաստանի Առաջին ալիքին ան յայտարարեց. «Լեռնային Ղարաբաղ կը պայքարի միջազգային ահաբեկչութեան դէմ, ինչ որ շատ բան կը փոխէ հիմնախնդրի համատեսքին մէջ»։ Երէկ գիշերուան դրութեամբ, Փաշինեան յայտնեց նաեւ, որ իր տեղեկութիւններով Արցախի բանակի վերջնական յաղթանակի իսկական հիմքերը կը դրուին ճակատի վրայ։ Նոյն հարցազրոյցին ժամանակ ան պատասխանեց նաեւ Պաքուի շարք մը մեղադրանքներուն ու շեշտեց, որ անկարելի է ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի բանաձեւերուն կտրուիլը իրենց ամբողջէն։

Իր կարգին, նախագահ Արմէն Սարգսեանն ալ երէկ զրուցեց Ռուսաստանի շարք մը լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Ան շեշտեց, որ Ատրպէյանի սկսած պատերազմը էթնիք զտում իրականացնելու նպատակը կը հետապնդէ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2020