ԶԳԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ

Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ հովանաւորած Սուրբ Էճիտիօ միջազգային համայնքին կողմէ Հռոմի մէջ կազմակերպուած վերջին օրերու հաւաքը առանձնացաւ՝ մարդկութեան առկայ հրատապ օրակարգի խնդիրներուն շուրջ ընձեռած քննարկման հնարաւորութեամբ եւ հնչեցուած տեսակէտներու զանազանութեամբ։ «Լա Նուվոլա» համագումարներու կեդրոնի յարկէն ներս տեղի ունեցաւ այս եզակի նախաձեռնութիւնը, որ պսակուեցաւ յաջողութեամբ։ «Ժողովուրդները՝ որպէս եղբայր, ապագայ երկրագունդը. կրօններն ու մշակոյթները երկխօսութեան մէջ» խորագրեալ այս հաւաքի շրջանակէն ներս երէկ ելոյթով մը հանդէս եկաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, որ անդրադարձաւ հայութեան արդի մարտահրաւէրներուն։

Միջազգային հաւաքի ծրագրին ընդգրկուած՝ «Հորիզոնի ընդլայնում. միւսներու նորովի գիւտը» խորագրեալ ֆորումին ժամանակ արտայայտուեցաւ Վեհափառ Հայրապետը, որու զեկուցումը ընկալուեցաւ հետաքրքրութեամբ։ Բանախօսութիւններուն հետեւեցան նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան եւ Նորին Սրբութեան ընկերակից հոգեւոր հայրերը։ Նիստը վարեց Սուրբ Էճիտիօ միջազգային համայնքէն Մարքօ Արքեպիսկոպոս Կնիանի, որ միեւնոյն ժամանակ Հռոմի թեմի վիճակաւորի ընդհանուր փոխանորդն է։ Այս փուլի միւս ատենախօսներն էին՝ Գերմանիոյ Աւետարանական եկեղեցւոյ խորհուրդի ատենապետը՝ լուտերական եպիսկոպոս Հենրիխ Պետքորտ Շթրոմ, Հռոմի եկեղեցւոյ արխիւի պատասխանատու եւ գրադարանավար Կարտինալ Խոսէ Թոլենթինօ Մենտոնքա, Եւրոպայի Հնդկական ֆորումի նախագահ Լաքշմի Վիաս, ամերիկահայ գիտնական, «Moderna» պիօփորձագիտական ամերիկեան ընկերութեան համահիմնադիր Նուպար Աֆէեան եւ ֆրանսացի արեւելագէտ եւ քաղաքագէտ փրոֆ. Օլիվիէ Ռոյ, որ Ֆլորանսայի Եւրոպական համալսարանի դասախօսներէն է։ Առաջին զեկուցումը ներկայացուց Նուպար Աֆէեան։

Ստորեւ կը ներկայացնենք Վեհափառ Հայրապետին խօսքը, արեւմտահայերէնի փոխադրուած։

*

Առ Աստուած գոհունակութեամբ կ՚ողջունենք Սուրբ Էճիտիօ համայնքի կազմակերպած միջկրօնական ու միջմշակութային երկխօսութեան հերթական համաժողովը։ Մեր օրհնութիւնն ու գնահատանքը կը բերենք կազմակերպիչներուն ու նախաձեռնողներուն։ Անոնց ազնիւ ջանքերով այսօր հնարաւորութիւն ունեցած ենք՝ կրկին համախմբուելու եւ կիսելու տարբեր կրօններու եւ մշակոյթներու փոխճանաչողութեան ու փոխըմբռնման մասին մեր մտահոգութիւններն ու ընկալումները։

Հակառակ պատմական տարբեր փորձառութիւններու, առկայ կրօնական, մշակութային եւ աշխարհընկալման տարբերութիւններու՝ մենք բոլորս մէկ Աստուծոյ զաւակ ենք, եղբայրներ եւ քոյրեր՝ միաւորուած Աստուծոյ սիրով։ Եւ այս բազմազանութեան մէջ մեր սիրոյ միութիւնն է՝ Աստուծոյ զաւակ ըլլալու վաւերական վկայութիւնը։ Աստուծոյ ամենախնամ սիրոյ գիտակցումն է փոխըմբռնման հիմքը եւ համոզումը, որ բոլոր մարդիկ, իբրեւ Աստուծոյ զաւակներ, կրողն են Ամենակալի կողմէ շնորհուած խաղաղ, ազատ ու անկախ կեանքի սրբազան իրաւունքի։ Այս ընկալումներուն հակադրուող քայլերն կը նեղացնեն միմեանց առաւելագոյնս ճանաչելու եւ հասկնալու հնարաւորութիւններն ու հորիզոնները, կը փակեն նոյն Աստուծոյ կողմէ արարուած մարդկանց սրտերն ու մտքերը, աչքերն ու ականջները՝ դարձնելով զանոնք անտարբեր միմեանց ցաւի ու դժբախտութեան, նեղութիւններու եւ համամարդկային հիմնախնդիրներու նկատմամբ։ Աստուածատուր այդ սիրոյ եւ եղբայրութեան մէջ տեղ չունին թշնամանք ու անհամերաշխութիւն, որոնք այսօր ալ կը շարունակեն փորձութեան մէջ պահել մարդկային հասարակութիւնը՝ պատերազմներով ու ահաբեկչութիւններով, նաեւ կրօնական ատելութեամբ ու խտրականութեամբ։ Մեր եղբայրներէն եւ քոյրերէն շատերը աշխարհի մէջ ամէն օր կ՚ենթարկուին տիրապետելու մոլուցքէ, անարդարութենէ ծագող բռնութեան տարբեր դրսեւորումներու, որոնք կը ստեղծեն ատելութիւն ծնող հոգեւոր ամայութիւն։ Ցեղասպանութիւն վերապրած Մեր ժողովուրդի պատմութեան էջերը գրուած են յաճախ նահատակներու ու հաւատի վկաներու արեամբ։ Հետեւաբար, լաւ գիտենք արժէքը սիրոյ, եղբայրութեան, ժողովուրդներու բարեկամութեան, խաղաղ ու ապահով կեանքի։ Եւ սրտակից ենք մեր եղբայրներու ու քոյրերու տառապանքներուն, քանզի Սուրբ Պօղոս առաքեալի խօսքով՝ Աստուած «մէկ արիւնէ ստեղծեց մարդկանց բոլոր ազգերը, որ բնակին երկրի վրայ» (Գործք Առաք. 17.26)։

Անցեալ տարի աղէտալի փորձութեան ենթարկուեցան մեր երկիրն ու ժողովուրդը, երբ Ատրպէյճան, Թուրքիոյ բացայայտ զօրակցութեամբ (…), վերստին պատերազմ սանձազերծեց Արցախի Հանրապետութեան դէմ։ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին օգտագործուեցան արգիլուած զինատեսակներ նաեւ ընդդէմ Արցախի խաղաղ բնակչութեան։ Զոհուեցան, վիրաւորուեցան, հաշմանդամ դարձան հազարաւորներ, տասնեակ հազարաւորներ տարհանուեցան իրենց բնակավայրերէն, ոչնչացուեցան ու պղծուեցան եկեղեցիներ ու վանքեր, մշակութային յուշարձաններ, նաեւ՝ յետպատերազմեան շրջանին։ Գերեվարուեցան շատեր եւ խաղաղ բնակիչներ, որոնք այսօր կը շարունակեն ենթարկուիլ նուաստացումներու ու աննկարագրելի խոշտանգումներու՝ հակառակ միջազգային հանրութեան, եկեղեցական կառոյցներու եւ մարդասիրական կազմակերպութիւններու կողմէ ազատ արձակման վերաբերեալ հնչող յարատեւ կոչերու։ Կը ցանկանք արձանագրել, որ պատերազմական գործողութիւնները ոչ միայն ողբերգութիւն դարձան մեր ժողովուրդի, այլեւ պատերազմը սանձազերծած երկրի՝ Ատրպէյճանի համար, որ նոյնպէս կրեց մարդկային ծանր կորուստներ։ 44 օր տեւած արիւնալի պատերազմը հնարաւոր եղաւ դադրեցնել Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ մեծայարգ տիար Վլատիմիր Փութինի ջանքերու շնորհիւ։ Կը հաւատանք, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի միջնորդական առաքելութեամբ կը կարգաւորուի Արցախի կարգավիճակի հարցը։ Ատրպէյճանի բռնութիւնը՝ Արցախի մեր զաւակներու նկատմամբ եւ նման ոճրագործութիւնները այլ ազգերու հանդէպ, անտարակոյս, խստօրէն պիտի դատապարտուին ողջ միջազգային հանրութեան կողմէ, որպէսզի այդպիսի ողբերգութիւններ չկրկնուին ժողովուրդներու կեանքին մէջ։

Սիրելիներ, համընդհանուր գործակցութեան ու ջանքերու կարիքը կը զգացուի՝ բարեկարգելու համար մեր ընդհանուր տունը՝ Երկիր մոլորակը, որպէսզի այնտեղ տիրապետող ըլլայ եւ դէպի երջանկաբեր կարգաւորումներ առաջնորդէ խաղաղութիւնը՝ մեր Փրկչի պատգամի համաձայն. «Իրարու հետ խաղաղութեա՛մբ ապրեցէք» (Մարկ. 9.49)։ Հեշտընթաց չեն փոխըմբռնման ու փոխճանաչողութեան վրայ հիմնուած խաղաղութեան ճանապարհները, բայց միշտ՝ հնարաւոր, եթէ կան ազնիւ ու մաքուր հոգիով համամարդկային բարօրութեան, խաղաղ ու ստեղծագործ կեանքին ծառայելու կամքը, ձգտումը։

Աշխարհի չորս անկիւններուն ապրող մեր ժողովուրդի զաւակները տարբեր ազգերու հետ խաղաղ համակեցութեամբ լաւագոյն վկայութիւնը կը բերեն մշակոյթներու եւ կրօններու երկխօսութեան եւ կը հաւատանք, որ միմեանց նկատմամբ ազնիւ եղբայրասիրութեամբ ու համատեղ ջանքերով կ՚իրականանայ մարգարէական խօսքը, երբ ազգերը «իրենց սուսերներէն խոփեր պիտի ձուլեն եւ իրենց սուիններէն՝ մանգաղներ» (Ես. 2.4)։

Մենք կ՚աղօթենք, որ բացուին բոլոր մարդկանց սիրտերն ու միտքերը՝ մարդկութեան կեանքի նորոգման համար մարդը վերահաստատելով Աստուծոյ արարչակից ըլլալու իր ճշմարիտ կոչման ու նպատակի մէջ։ Թող Աստուած ունկնդիր ըլլայ մեր աղօթքին, զօրացնէ մեզ մեր առաքելութեան մէջ եւ օրհնէ բոլոր ազնիւ ջանքերը յանուն խաղաղութեան եւ ժողովուրդներու համերաշխութեան։

Աստուծոյ շնորհը, սէրն ու խաղաղութիւնը թող ըլլան մեզ ամէնքիս հետ. ամէն։

  

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 8, 2021