ՀԱՄԱԽՄԲՄԱՆ ՊԱՏԳԱՄԱԲԵՐ

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Հռոմէն.-

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի դէպի Հռոմ ուղեւորութեան գագաթնային օրն էր երէկ։ Վեհափառ Հայրապետը Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին եւ Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքին հետ նախագահեց էքիւմենիք արարողութեան մը, որ կազմակերպուած էր պատմական «Քոլոսէում»ին շուրջ։ Սուրբ Էճիտիօ միջազգային համայնքին կողմէ կազմակերպուած տարեկան աւանդական խաղաղութեան աղօթքն էր այս մէկը, որ կատարուեցաւ էքիւմենիք ձեւաչափի մէջ։ Միջեկեղեցական արարողութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը խօսեցաւ քարոզ մը։

Հռոմի պատմական «Քոլոսէում»ին շուրջ երկու փուլով նախատեսուած էին երէկուան արարողութիւնները, որոնք իսկապէս շատ խորհրդանշական էին։ Առաջին փուլը միջեկեղեցական էր եւ էքիւմենիք աղօթքին յաջորդեց երկրորդ փուլ մը, որ այս անգամ միջկրօնական բնոյթ կը կրէր։ Այս բոլորին ներկայ գտնուեցաւ հոծ բազմութիւն մը։ Մասնակիցներու շարքին էր նաեւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել։ Վեհափառ Հայրապետն ալ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի եւ իրեն ուղեկից բարձրաստիճան հոգեւորականներու ընկերակցութեամբ մասնակցեցաւ այս իսկապէս եզակի հանդիսութեան։ Հրաւիրեալներու շարքին կը գտնուէին նաեւ հայազգի այլ դէմքեր. օրինակ՝ Նուպար Աֆէեան, Ռուբէն Վարդանեան, որոնք այս օրերուն կը գտնուին Հռոմի մէջ։

Երէկուան միջեկեղեցական արարողութիւնը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ տեսակէտէ իսկապէս շատ կարեւոր էր, նաեւ խորհրդանշական մեծ իմաստ ունեցաւ։ Վեհափառ Հայրապետը հանդէս եկաւ որպէս համաքրիստոնէական քարոզիչ, որ համախմբման պատգամաբերի մը դերին մէջ իր խօսքը ուղղեց ամբողջ քրիստոնեայ աշխարհին։

«Մենք կու գանք երկրէ մը, ուր Ամենակալի նախախնամութեան ձեռքով պատմութեան ընթացքին ամէն քարի տակ ու աւազահատիկի մէջ խտացած է քրիստոնէական վկայութիւնը», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը, որ իր քարոզին բնաբան ընտրած էր Յովհաննէսի Աւետարանի նշանաւոր հատուածը. «Խաղաղութիւն կը թողնում ձեզի, իմ խաղաղութիւնը կու տամ ձեզի, ձեզի չեմ տար այնպէս, ինչպէս այս աշխարհը կու տայ, ձեր սրտերը թող չխռովուին եւ չվախնան»։ Նորին Սրբութիւնը բացատրեց, որ Տէր Յիսուս խաղաղութեան իր պատգամը աշակերտներուն շուրջ երկու հազար տարիներ առաջ թողած էր եւ այսօր մեզի տրուած է զայն 21-րդ դարուն մէջ ապրող քրիստոնեաներուն եւ բոլոր մարդոց բաշխելու պատասխանատուութիւնը՝ յատկապէս այս օրերուն, երբ բռնութիւններն ու պատերազմները, ազգային խտրականութիւնն ու կրօնական ծայրայեղութիւնը եւ անոնց հիմքի վրայ իրագործուող ոճրագործութիւնները տակաւին աւերներու պատճառ կը դառնան։ Աշխարհ կարիք ունի խաղաղութեան ու ապահով կեանքի վերահաստատման։ «Անշուշտ, առաւել դիւրին է խօսիլ խաղաղութեան մասին, քան զայն իրագործել այս աշխարհի վրայ, որ անընդհատ փոթորկուած է հակամարտութիւններով, ատելութեան, ահաբեկչութեան եւ ռազմական բախումներու դրսեւորումներով», նշեց Վեհափառ Հայրապետը։

Աւելի վերջ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ Տէր Յիսուսի խաղաղութիւնը այլ է այս աշխարհի խաղաղութենէն, որ յաճախ կը կառուցուի նաեւ անարդարութեան հիմքի վրայ՝ ցաւ ու վիշտ բերելով մարդոց եւ ժողովուրդներուն։ Արդարեւ, Փրկչին կողմէ շնորհուած խաղաղութիւնը Աստուծոյ սիրառատ ներկայութիւնն է մեր կեանքին մէջ, որու համար Տէրը քալեց խաչի ճանապարհով եւ անմնացորդ սիրով իր զոհաբերութեամբ բացաւ բաղձալի խաղաղութեան հնարաւորութիւնը մեզի համար։

«Խաչի ճանապարհով անցնելու տէրունաւանդ փորձառութեան վրայ խարսխուած է խաղաղութիւնը, որ Աստուծոյ հետ հաշտութիւն է՝ հաճութեան եւ համերաշխութեան մարդկային կեանքի մէջ հաստատումով», շարունակեց Վեհափառ Հայրապետը եւ յիշեցուց, որ Հռոմի «Քոլոսէում»ը դարեր առաջ դարձած էր քրիստոնեայ նահատակներու առ Աստուած ապաւինութեան եւ սիրոյ վկայութեան վայրը, Քրիստոսի խաղաղութեան ու մարտիրոսաց զօրաւոր հաւատքի ողջագուրման վկայարանը։ «Այստեղով՝ խորհրդանշական այս վայրով կը ձգուի վաղ քրիստոնէութեան խաչի ճանապարհը՝ հազարաւոր մարտիրոսներու եւ վկաներու արիւնով սրբագործուած, ինչ որ այսօր բոլորս կ՚առաջնորդէ խաղաղութեան մասին քրիստոնէական ընկալման վերարժեւորումը», ընդգծեց Վեհափառ Հայրապետը եւ դիտել տուաւ, որ նահատակութեան արեամբ պսակուած այդ պատմական վայրին մէջ Քրիստոսի մարտիրոսներն ու վկաները չյուսահատեցան անասելի չարչարանքներէ, անձնատուր չեղան խաղաղութեան մասին այս աշխարհի պատկերացումներուն, այլ իրենց արեան հեղումով հաստատուն պահեցին հաւատարմութիւնն առ Աստուած։ Այս կէտին վրայ Վեհափառ Հայրապետը մէջբերեց Պօղոս առաքեալի խօսքերը. «Ո՛չ մահը, ո՛չ կեանքը, ո՛չ հրեշտակները, ո՛չ իշխանութիւնները, ո՛չ այլ բաներ, որոնք այժմ կան, ո՛չ գալիքները եւ ոչ զօրութիւնները, ո՛չ բարձրութիւն, ո՛չ խորութիւն եւ ոչ մէկ ուրիշ արարած կրնայ բաժնել մեզ Աստուծոյ այն սէրէն, որ կայ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսով»։

Նորին Սրբութիւնը աւելի վերջ առանձնապէս ծանրացաւ հայոց քրիստոնէական վկայութեան վրայ։ Ան դիտել տուաւ, որ Հայաստանի մէջ կան յանուն յարութեան եւ հաւատի յաղթանակի բազում երեւոյթներ, դրսեւորումներ։ «Այնտեղ լեռները աղօթքի համազօր ուժով վերածուած են խաչքարերու, դաշտերն ու բլուրները՝ սրբազան խորաններու, լիճերն ու գետերը՝ մկրտութեան աւազաններու՝ որպէս հաւատարմութիւն մեր քրիստոնէական հաւատքի ու ինքնութեան։ Ազգս հայոց լաւ գիտէ խաղաղութեան գինը, որ վճարած է ու կը շարունակէ վճարել», նշեց Վեհափառ Հայրապետը, որ քարոզին մէջ առանձնապէս անդրադարձաւ Արցախի երկրորդ պատերազմի ծանր հետեւանքներուն։ «Ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքը, տէրունաշնորհ խաղաղ կեանքը պատնէշելու համար ազգիս զաւակները կրեցին արհաւիրքներ», ընդգծեց ան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին քոյր եկեղեցիներու կողմէ ցուցաբերուած վերաբերմունքին համար։ Նորին Սրբութիւնը համաքրիստոնէական հարթութեան վրայ ուշադրութիւն հրաւիրեց նաեւ պատերազմէ վերջ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ յայտնուած տարածքներէ ներս հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան կոթողներու պահպանման խնդիրներու, յանուն տարածքաշրջանէ ներս կայուն խաղաղութեան վերահաստատման։

Քարոզի վերջին բաժնին մէջ Նորին Սրբութիւնը դիտել տուաւ, որ եկեղեցիներու աղօթքներն ու ջանքերը ուղղուած են համախմբման եւ ողջ մարդկութիւնը յանձնառութեան կոչելու՝ աշխարհը պահելու համար խաղաղութեան եւ մարդոց միջեւ հաճութեան ընթացքին մէջ՝ զերծ ատելութենէ, թշնամանքէ եւ հակամարտութիւններէ։ Իր խօսքով՝ խաղաղութեան կ՚առաջնորդէ խաչը՝ վկայութեան տէրունահաստատ ուղիով։ «Այս տեսլականով եւ միասիրտ աղօթքով կը հայցենք Տիրոջ օգնականութիւնը խաղաղ ու արդար աշխարհ կերտելու դժուարին ճանապարհին», եզրափակեց քարոզը Վեհափառ Հայրապետը։

Միջեկեղեցական աղօթքէն վերջ, եկեղեցիներու ներկայացուցիչները թափօրով մը անցան «Քոլոսէում»ի շրջակայ համալիրի մէկ այլ հատուածը, ուր բեմահարթակի վրայ այս անգամ տեղ առին այլ կրօններու ներկայացուցիչներուն հետ։ Սրբազան Պապն ալ այս փուլի ատենախօսներու շարքին էր։ Ելոյթ մըն ալ ունեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել։ Այս յատկանշական համախմբման արձակման փուլին բոլոր հոգեւոր պետերը սիրոյ ողջոյն փոխանցեցին մանուկներու հետ, որոնք իրենց ձեռքին մէջ կը կրէին խորհրդանշական խաղաղութեան պատգամներ՝ ձիթենիի ճիւղերու մէջ։

Այսպէսով եզրափակուեցաւ Սուրբ Էճիտիօ միջազգային համայնքին կողմէ կազմակերպուած տարեկան աւանդական խաղաղութեան աղօթքի ծրագիրը, որմէ վերջ Վեհափառ Հայրապետը առաջնորդուեցաւ դէպի Վատիկան, «Տոմուս Սանթա Մարթա» բարձրաստիճան հիւրերու յատուկ հիւրանոցը, ուր կ՚իջեւանէր իր կեցութեան ընթացքին։

 

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 8, 2021