ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ԽԱՂԱՑՈՂՆԵՐԸ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹ ԿԸ ՀԱՄԱՐԵՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆԸ

Լեռնային Ղարաբաղի երկրորդ պատերազմին յաջորդած իրադրութեան մէջ տարածքաշրջանի դերակատարներուն միջեւ խտացեալ շփումները կը շարունակուին։ Երէկ, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, այս բոլոր զրոյցներու ընթացքին ղեկավարները կարծիքի փոխանակումներ ունեցան Հարաւային Կովկասի իրադրութեան շուրջ։

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ յայտարարեց, որ տարածքաշրջանէ ներս աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններու միտում մը կը նկատուի։ Ըստ ռուս բանբերին, այդ ամբողջին մէջ կայունութիւնը եւ անվտանգութիւնը կը համարուին առաջնահերթ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 8, 2021