ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ աւարտեց դէպի Իսրայէլ պաշտօնական այցելութիւնը, որու եզրափակիչ փուլին տեսակցեցաւ այդ երկրի գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւններու յառաջատար դէմքերուն հետ։ Նալպանտեան այցելեց նաեւ Եատ Վաշէմ՝ Հոլոքոստի թանգարան, ուր ստորագրեց այցելուներու տոմարը։

Իսրայէլի Վարչապետ ու Արտաքին գործոց նախարար Պենիամին Նեթանիյահուի հետ Նալպանտեան նախ գլխաւորեց ընդլայնուած կազմով պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները, որոնց յաջորդեց առանձնազրոյց մը։ Ողջունելով Նալպանտեանը՝ Նեթանիյահու կարեւորեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին Իսրայէլ այցելութիւնը, ու նշեց, որ իր երկիրը պատրաստակամ է յարաբերութիւնները ընդլայնել Հայաստանի հետ։ Ան ընդգծեց, որ երկու երկիրներու միջեւ գոյութիւն ունի համագործակցութեան մեծ ներուժ։ Շնորհակալութիւն յայտնելով այցելութեան եւ հրաւէրի համար՝ Նալպանտեան Նեթանիյահուին փոխանցեց Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի ողջոյններն ու բարեմաղթանքները։ Նախարարը գոհունակութեամբ նշեց, որ վերջին շրջանին հայ-իսրայէլական շփումներուն մէջ կը նկատուի աշխուժութիւն։ Նախարարին համոզմամբ՝ հիմնուելով երկու ժողովուրդներու բարեկամական պատմական հարուստ աւանդութիւններուն վրայ, համատեղ ջանքերու շնորհիւ Հայաստանի եւ Իսրայէլի յարաբերութիւնները նոր լիցք պիտի ստանան։

Զրուցակիցները նշեցին, որ խորհրդանշական է այցելութեան ժամկէտը, որովհետեւ այդ մէկը կը զուգադիպի երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակի յոբելենական շրջանին։ Սա լաւ հնարաւորութիւն մըն է անցած ճանապարհը գնահատելու եւ յարաբերութիւններու զարգացման ուղղութեամբ նոր քայլերու ձեռնարկելու տեսակէտէ։

Հանդիպման տեւողութեան հանգամանալից քննարկում տեղի ունեցաւ Հայաստան-Իսրայէլ երկկողմանի հարցերու օրակարգերու, միջազգային կառոյցներէ ներս համագործակցութեան շուրջ։ Կարծիքներ փոխանակուեցան երկկողմանի առեւտրատնտեսական կապերու աշխուժացման, գործարար կապերու խթանման, իրաւապայմանագրային դաշտի ընդլայնման եւ միջազգային կառոյցներէ ներս համագործակցութեան սերտացման, տեղեկատուական փորձագիտութիւններու, գիտութեան ու կրթութեան, զբօսաշրջութեան, գիւղատնտեսութեան բնագաւառներէ ներս համատեղ ծրագրերու իրականացման հնարաւորութիւններուն շուրջ։

Նեթանիյահու եւ Նալպանտեան անդրադարձան Երուսաղէմի հայկական հարուստ պատմամշակութային ժառանգութեան։ Անոնք կարծիքներ փոխանակեցին տարածքաշրջանային եւ միջազգային հրատապ խնդիրներու, Մերձաւոր Արեւելքի զարգացումներուն շուրջ։ Նալպանտեան ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներուն կողմէ գործադրուած ջանքերը։

ՔՆԵՍԵԹԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՀԵՏ

Երէկ, Նալպանտեան տեսակցեցաւ նաեւ Իսրայէլի խորհրդարանի նախագահ Եուլի Էտելշթայնի հետ։ Ողջունելով Նալպանտեանը՝ Քնեսեթի ղեկավարը ընդգծեց, որ պատրաստ է ամենայն աջակցութիւն ցուցաբերել բարեկամ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բազմակողմանի զարգացման ուղղութեամբ։ Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար՝ Նալպանտեան Իսրայէլի խորհրդարանի ղեկավարին փոխանցեց Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արա Պապլոյեանի ողջոյններն ու բարեմաղթանքը՝ ինչպէս նաեւ Երեւան այցելելու հրաւէրը։

Զրուցակիցները բարձր գնահատեցին երկու խորհրդարաններու միջեւ հաստատուած արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը եւ բարեկամութեան խումբերու աշխոյժ գործունէութիւնը։ Նալպանտեան եւ Էտելշթայն անդրադարձան Հայաստան-Իսրայէլ յարաբերութիւններու օրակարգային շարք մը հարցերուն, քըն-նարկեցին միջխորհրդարանական կապերու առաւել սերտացման եւ ընդլայնման, միջազգային կառոյցներու շրջանակներէն ներս համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։ Անոնք կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ շարք մը հրատապ տարածքաշրջանային խնդիրներու շուրջ։

ՀԱՆԵԿՊԻԻ ՀԵՏ

Նալպանտեան երէկ տեսակցեցաւ նաեւ Իսրայէլի Տարածքաշրջանային համագործակցութեան նախարար Ցախի Հանեկպիի հետ։ Ողջունելով Նալպանտեանը՝ Ցախի Հանեկպի ջերմութեամբ վերյիշեց անցեալ Յուլիսին Երեւանի մէջ անոր հետ ունեցած հանդիպումը։ Հանեկպի յոյս յայտնեց, թէ Եդուարդ Նալպանտեանի այցելութիւնը նոր լիցք պիտի հաղորդէ Հայաստան-Իսրայէլ յարաբերութիւններուն։ Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար՝ Նալպանտեան գոհունակութեամբ նշեց, որ վերջին շրջանին շփումներու աշխուժացումն ու առաւել յաճախակի դարձած փոխադարձ այցելութիւնները կը վկայեն Հայաստան-Իսրայէլ յարաբերութիւնները առաւել խորացնելու ուղղութեամբ երկկողմանի հետաքրքրութեան մասին։

Հանդիպման տեւողութեան զրուցակիցները անդրադարձան Ցախի Հանեկպիի Հայաստան կատարած այցելութեան ժամանակ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքին։ Նախարարները հանգամանալից քննարկեցին տարածքաշրջանային եւ միջազգային վերջին զարգացումները։

ԷԼՔԻՆԻ ՀԵՏ

Եդուարդ Նալպանտեան պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս տեսակցեցաւ նաեւ Իսրայէլի Երուսաղէմի եւ ժառանգութեան հարցերով նախարար Զէյեւ Էլքինի հետ։ Ողջունելով Նալպանտեանը՝ Էլքին նշեց, որ լաւ յիշողութիւններ կը պահէ դէպի Հայաստան իր բազմաթիւ այցելութիւններէն եւ ուրախութիւն յայտնեց Երուսաղէմի մէջ Եդուարդ Նալպանտեանը ողջունելու բերումով։ Զրուցակիցները համակարծիք գտնուեցան, թէ երկու ժողովուրդներու միջեւ բարեկամական կապերն ու փոխադարձ համակրանքը նպաստաւոր պայմաններ կրնան ստեղծել պետութիւններու միջեւ կապերու ամրապնդման համար։

Եդուարդ Նալպանտեան եւ Զէյեւ Էլքին անդրադարձան Իսրայէլի մէջ հայկական պատմամշակութային հարուստ ժառանգութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանէ ներս հրեայ համայնքի գործունէութեան վերաբերեալ հարցերու։  

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2017