ԹՈՒՐՔԻԱ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՓԱԿ ՍԱՀՄԱՆԻ ԿԱՐՍԻ ՀԱՏՈՒԱԾԻՆ ՄԷՋ ՏԵՍԱԽՑԻԿՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԿԱՐԳ ՄԸ ՀԱՍՏԱՏՈՒԱԾ Է՝ ՄՇՏԱԿԱՆ ԴԻՏԱՐԿՈՒՄՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ

Թուրքիա-Հայաստան փակ սահմանին վրայ հաստատուեցաւ շրջակայքի անալիթիք անվտանգութեան դրութիւն մը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Թուրքիա Հայաստանի հետ սահմանին վրայ հաստատեց տեսախցիկներու համակարգ մը։ Կարսի սահմանի ուղղութեամբ հաստատուեցան տեսախցիկները, որոնց միջոցաւ սահմանագիծը մշտապէս պիտի դիտարկուի աշխոյժ ձեւով եւ այսպէսով անվտանգութիւնը պիտի դառնայ աւելի երաշխաւորուած։

Կարս քաղաքի մասնաւոր վարչութեան կողմէ հաստատուած այս համակարգին համար կատարուած ներդրումը կը հասնի 2 միլիոն 880 հազար լիրայի։

Կարսի կուսակալութեան կողմէ անցեալ Օգոստոսին մրցոյթ մը կազմակերպուած է այս ծրագրին համար։ Այդ հիման վրայ մրցոյթի յաղթական ընկերութեան հետ ստորագրուած է պայմանագիր մը։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, սահմանի վրայ տեսախցիկներու տեղակայման թեքնիկ աշխատանքները աւարտած են։ Ներկայիս համակարգը օգտագործելու ուղղութեամբ փորձարկումներ կը կատարուին։

Այսպէսով, Թուրքիա-Հայաստան սահմանի Կարսի հատուածը պիտի դառնայ աւելի անվտանգ ու մանաւանդ պիտի կանխուին այն ժխտական երեւոյթները, որոնք կը յառաջանան ատեն-ատեն։

Հարկ է յիշեցնել, որ միջոց մը առաջ ալ զանգուածային լրատուութեան միջոցները հաղորդած էին, թէ Թուրքիա-Հայաստան սահմանին վրայ կը կառուցուի պատ մը։ 

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2017