ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՐԱԺԻՇՏՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 85-ԱՄԵԱԿԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՄԵՐԳՈՎ ՄԸ

Հայաստանի Երաժիշտներու միութեան հիմնադրութեան 85-ամեակը նախընթաց օր Երեւանի մէջ նշուեցաւ յոբելենական փայլուն համերգով մը։ Օփերայի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր երեկոյթը, որու պատուոյ հիւրն էր Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան։ Ներկայ էր նաեւ Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան։ Յոբելենական ձեռնարկի ընթացքին Սերժ Սարգսեան պարգեւատրեց միութեան անդամ խումբ մը արուեստագէտներ, որոնք երաժշտական բնագաւառէ ներս ունեցած են ակնառու վաստակ, ներդրած են նշանակալի աւանդ։

Երեկոյթը իր աւարտին հասաւ Հայ ժամանակակից երաժշտութեան չորրորդ փառատօնի եզրափակիչ համերգով։ Այս փառատօնի նպատակն է՝ երաժշտասէր հասարակութեան ներկայացնել հայ ժամանակակից երաժշտական դպրոցի ներկայացուցիչներու ստեղծագործութիւնները։ 

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2017