ԱՃ ԱՐՁԱՆԱԳՐԱԾ Է ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՉՆԵՐՈՒ ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ

2018 թուականի յունուարէն սեպտեմբեր ամիսներուն միջեւ, 2017 թուականի նոյն ժամանակահատուածին հետ բաղդատած, Հայաստանի մէջ համակարգիչներու արտադրութիւնը աճած է 99.3 տոկոսով:

Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներուն համաձայն, նախորդ տարուան նշեալ 9 ամիսներուն արտադրուած էին 457 համակարգիչներ, իսկ ընթացիկ տարուան նոյն ժամանակահատուածին այդ թիւը 911 է:

Հաշուետու ժամանակաշրջանին 7 անգամ աճած է թապլէթներու արտադրութիւնը. նախորդ տարուան յունուարէն սեպտեմբեր ամիսներուն արտադրուած է 55 թապլէթ, ընթացիկ տարուան յունուարէն սեպտեմբեր՝ 384 թապլէթ:

Ընթացիկ տարուան 9 ամիսներուն բջիջային հեռաձայններ չեն արտադրուած, մինչդեռ նախորդ տար-ւան 9 ամիսներուն արտադրուած էր 330 հատ:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2018