ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԱՐԿԱԾ. 4 ԶԻՆՈՒՈՐ ԶՈՀ

Հայաստանի հարաւին մէջ երէկ պատահեցաւ ցաւալի արկած մը, որու հետեւանքով զոհուեցաւ չորս զինուոր։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, դէպքը պատահեցաւ Գորիս-Որոտան ճանապարհի 39-րդ քիլօմեթրի հատուածին մէջ։ Զինուորական բեռնատար մը յանկարծ շրջուեցաւ եւ այս դէպքին հետեւանքով չորս զինուոր մահացաւ։ Նոյն պատճառով եղան նաեւ վիրաւորեալ զինուորներ, որոնք անմիջապէս դարմանման տակ առնուեցան մերձակայ հիւանդանոցներուն մէջ։

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան տեղեկացուց, որ վիրաւորեալ զինուորներու կեանքին վտանգ չի սպառնար։

 

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2018