ՔՈՒԷՅԹԻ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒԸ՝ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ԾՈՑԻ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽԱԳԱՀ

Շաբաթ, 3 նոյեմբեր 2018-ին, Աստուածաշունչի ընկերութեան Ծոցի երկիրներու յանձնաժողովը կատարեց իր կիսամեայ լիակատար նիստը: Այս յանձնաժողովի գլխաւոր աշխատող, յղացող ու առաջադրող անձը, ի պատիւ հայ ժողովուրդին, Տքթ. Հրայր Ճէպէճեանն է, ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնով, որ կը ղեկավարէ Ծոցի եօթ երկիրներ (Քուէյթ, Աարաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Քաթար, Պահրէյն, Օման, Եմէն եւ Իրաք): Չորս տարին անգամ մը ժողովականներէն մաս մը կը դադրի՝ իր երկու շրջանը աւարտելուն պատճառով, եւ կը նշանակուին նոր անդամներ ու հետեւաբար կ՚ընտրուի նոր դիւան:

Աստուածաշունչի ընկերութեան Ծոցի երկիրներու յանձնաժողովին մնայուն պատուոյ նախագահն է, Քուէյթի Աւետարանական եկեղեցւոյ համայնքապետ՝ վերապատուելի Էմանուէլ Բենիամին Ղարիպ:

Յանձնաժողովը, որ կը բաղկանայ ինն անդամներէ, այս նիստին, յաջորդ չորս տարիներու շրջանին համար, նախագահ ընտրեց եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Արտակ Ա. Քհնյ. Քէհեաեանը, փոխ-նախագահ՝ Տ. Աարօ Ռիթքոնընը (Օմանէն) եւ հաշուապահ՝ Քուրիըն Վարկիզը (Քուէյթէն):

Յանձնաժողովը իր օրակարգերուն մէջ քննեց շրջաններու մէջ կատարուած բոլոր տեսակի աշխատանքները՝ անցնող վեց ամիսներուն ընթացքին եւ արժեւորեց թէ՛ բարոյական եւ թէ նիւթական տեղեկագրերը: Ապա զրուցեց շարք մը հարցերու շուրջ. ինչպէս՝ յաջորդ շրջանի համար առաջադրուած աշխատանքները, մարտահրաւէրները եւ նոր ծրագրերու կարեւոր հանգամանքը այս օրերու դժուարութիւնները յաղթահարելու համար:

Կը շնորհաւորենք Աստուածաշունչի ընկերութեան Ծոցի երկիրներու յանձնաժողովի նոր անձնակազմն ու անոր դիւանը, ուժ եւ կորով կը մաղթենք անոնց, որպէսզի կարենան շարունակել «Աստուծոյ խօսքը» տարածելու աստուածահաճոյ իրենց աշխատանքները, զորս կը կատարեն աշխարհի աւելի քան երկու հարիւր երկիրներու մէջ իրենց ունեցած յանձնաժողովներուն միջոցաւ:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2018