«ՓԱՐՈՍ»Ի ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

«Փարոս» հրատարակչութիւնը վերջերս ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է գիրք մը՝ բնագէտ Յովհաննէս Մանիսաճեանի կեանքին ու գործունէութեան մասին։ Այս գիրքին շնորհանդէսը նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Պէյօղլուի «Սիսմանոկլիա» մշակոյթի կեդրոնին մէջ։ Ձեռնարկը բնորոշեց նաեւ «Փարոս»ի հիմնադրութեան 9-րդ տարեդարձը։

Յայտագրի ընթացքին ելոյթներ ունեցան՝ Իսթանպուլի մօտ Յունաստանի աւագ հիւպատոս Ճորճինա Սուլթանափուլու եւ «Փարոս»ի գլխաւոր խմբագիր Մայտա Սարիս։ Աւելի վերջ Փրոֆ. Արուս Եումուլ վարեց զրոյց մը գիրքի հեղինակներուն՝ Էմինէ Ալչըթեփէի եւ Կալիպ Ալչըթեփէի հետ։ Հուսկ, հեղինակները մակագրեցին գործը, մինչ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը։

Երեկոյթին ներկայ գտնուեցան Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, համայնքային շրջանակներէ յայտնի դէմքեր եւ գրասէրներ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 8, 2019