ՋԵՐՄ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Յունաստան։ Երէկ, ան Աթէնքի մէջ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Օրուան տեւողութեան ան հանդիպումներ ունեցաւ Յունաստանի Նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոսի եւ Վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրասի հետ։ Այս այցելութիւնը միեւնոյն ժամանակ ունեցաւ պատմական բնոյթ։ Արդարեւ, 65 տարի վերջ առաջին անգամ Թուրքիայէն Յունաստան այցելութիւն մը եղաւ՝ հանրապետութեան նախագահի մակարդակին վրայ։ Վերջին անգամ հանրապետութեան նախկին նախագահներէն Ճելալ Պայար այց տը-ւած էր Յունաստան։

Երէկուան շփումներուն ընթացքին Էրտողան յայտնեց, որ Կիպրոսի հիմնախնդրին համար պէտք է ապահովել արդար ու մշտական լուծում մը։ «Թուրքիա եւ Յունաստան այլեւս համոզուած պէտք է ըլլան, թէ բաժակի դատարկ բաժինը մէկ կողմ թողլով պէտք է ուղղուին դէպի լեցուն բաժինը։ Մեր բանակցութիւնները պէտք է կառուցենք այս հիմքին վրայ», յայտարարեց Աթէնքի մէջ հանրապետութեան նախագահը։ Հանդիպումներուն ընթացքին Էրտողան հարցաքննական ոճով մը արտայայտուեցաւ Լոզանի դաշնագրի մասին։ Ան համոզուած է, որ տակաւին անհասկնալի հանգամանքներ կան այս դաշնագրի պարագային։ Նկատի ունենալով, որ այցելութենէն անմիջապէս առաջ եւս Էրտողան խօսած էր Լոզանի դաշնագրի այժմէականացման անհրաժեշտութեան շուրջ՝ Յունաստանի ղեկավարութիւնը երէկուան հանդիպումներուն ընթացքին պաշտպանեց այն տեսակէտը, թէ միջազգային համաձայնութիւններու այժմէացումը անկարելի է։ Յունաստանի թէ՛ նախագահը եւ թէ վարչապետը կրկնեցին այս տեսակէտը։

Փաւլոփուլոս երէկ երեկոյեան ալ պաշտօնական ընթրիքով մը պատուեց Էրտողանը։ Ճաշասեղանի շուրջ ստեղծուեցաւ ջերմ մթնոլորտ մը։ Երկու երկիրներու ղեկավարները նշեցին, որ Թուրքիա եւ Յունաստան կը ձգտին խաղաղութեան եւ բարեկամութեան հիման վրայ ապագայ մը կառուցել։

Էրտողանի ուղեւորութեան ծրագիրը այսօր կ՚եզրափակուի՝ դէպի Արեւմտեան Թրակիա այցելութիւնով։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 8, 2017