ՏԵՒԱԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Մոսկուայի մէջ նախօրէին տեղի ունեցած Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան փոխ-վարչապետներու աշխատանքային խումբի հերթական հանդիպման ընթացքին յստակ արդիւնք մը չէ արձանագրուած։ «Չեմ կրնար ըսել, որ որեւէ յստակ արդիւնք ունինք», յայտարարեց երէկ վարչապետը Հայաստանի Ազգային ժողովի ամպիոնէն։

Մոսկուայի եռակողմանի հանդիպման ընթացքին քննարկուած է Երասխ-Ջուլֆա-Օրտուպատ-Մեղրի-Հորատիզ երկաթուղիի վերակառուցման հարցը։ «Ցաւօք, չեմ կրնար ըսել, որ որեւէ յստակ արդիւնք ունինք, բայց կ՚ուզեմ վերահաստատել, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատրաստ է եւ շահագրգռուած է այդ ծրագրի իրականացմամբ։ Մեր առաջարկը կը շարունակէ մնալ ուժի մէջ եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատրաստ է օր առաջ սկսիլ երկաթուղիի վերականգնման։ Մենք նախապէս բարձրաձայնած ենք մեր պատկերացումները։ Այդ պատկերացումներուն շուրջ ընդհանրութեան արձանագրման պահէն սկսեալ պատրաստ ենք սկսիլ երկաթուղիի վերականգնման աշխատանքներուն», ըսաւ Փաշինեան ու կրկնեց, որ երկաթուղին եւ ճանապարհը պէտք է գործեն Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդրութեան շրջանակին մէջ, ինչ որ պէտք է արձանագրուի փաստաթուղթին վրայ։

Ծանօթ է, որ այս խնդիրը երկար ժամանակէ ի վեր Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին օրակարգի վրայ է, այլ հարթութիւններու վրայ ալ խնդրոյ առարկայ կը դառնայ, սակայն որեւէ ձեւով գործնական դաշտ չի տեղափոխուիր՝ Հայաստան-Ատրպէյճան առկայ փակուղիին հետեւանքով։

Նիկոլ Փաշինեան երէկ խորհրդարանին մէջ երեսփոխաններու հարցումներուն պատասխանելու ժամանակ անդրադարձաւ նաեւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) վերաբերեալ իրադարձութիւններուն։ Ինչպէս ծանօթ է, ՀԱՊԿ-ի վերջին գագաթաժողովը տեղի ունեցած էր Երեւանի մէջ եւ Նիկոլ Փաշինեան մերժած էր ստորագրել անոր եզրափակիչ յայտարարութիւնը՝ ՀԱՊԿ-ի կողմէ Հայաստան-Ատրպէյճան առկայ կացութեան պարագային որդեգրուած դիրքորոշման բերումով։ Նիկոլ Փաշինեան երէկ անդրադարձաւ ՀԱՊԿ-ի վերաբերեալ հանգամանքներու՝ մանաւանդ, որ այս կազմակերպութիւնը վերջերս Հայաստանի ռազմական օժանդակութիւն տրամադրելու վերաբերեալ հարցեր ալ կը քննարկէ։ Այս բոլորի լոյսին տակ Փաշինեան երէկ պարզաբանեց, թէ ի՞նչ եղած է Հայաստանի ակնկալութիւնը ՀԱՊԿ-էն եւ ինք ինչո՞ւ հրաժարած է Երեւանի գագաթաժողովի եզրափակիչ փուլին Հայաստանին օգնութիւն տրամադրելու վերաբերեալ փաստաթուղթի ստորագրումէն։ Փաշինեան ըսաւ.

«Ի՞նչ եղած է մեր ակնկալութիւնը՝ ճշդել, թէ Հայաստանի մէջ ո՞րն է ՀԱՊԿ-ի պատասխանատուութեան գօտին, որովհետեւ սա սկզբունքային հարց մըն է ճիշդ յարաբերութիւններ կառուցելու համար։ Երկրորդ ակնկալութիւնը եղած է տեղի ունեցածին յստակ քաղաքական գնահատանք տալը»։ Ապա Փաշինեան յիշեցուց, որ 2021 թուականի մայիսին Սոթք-Խոզնավար հատուածէն Ատրպէյճան ներխուժած է Հայաստանի սահմաններէն ներս։ Այդ ժամանակ մարտական գործողութիւններ տեղի չեն ունեցած։ Փաշինեան յիշեցուց, որ նոյնիսկ ընդդիմութիւնը զինք քննադատած է՝ ըսելով, որ եթէ հայկական բանակը չի մարտնչիր, ինչո՞ւ օգնութիւն կ՚ակնկալուի ՀԱՊԿ-էն։ «Յետոյ եկաւ նոյեմբերը, երբ բանակը կռուեցաւ, աւելի վերջ եկաւ սեպտեմբերի 13-ը եւ բանակը դարձեալ կռուեցաւ եւ այդ մեղադրանքը դուրս եկաւ։ Մենք կ՚ակնկալենք, որ գնահատական տրուի, թէ ի՞նչ տեղի ունեցած է։ Եւ այս ամբողջին մէջ կը շեշտուի, որ օգնութեան առաջարկ եղած է եւ մենք հրաժարած ենք օգնութենէ մը։ Շատ կարեւոր է պարզաբանել՝ այնտեղ կայ տող մը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ցուցաբերել օգնութիւն՝ ներառեալ ռազմաթեքնիք։ Պարզ չէ, թէ ի՛նչ օգնութիւն կ՚առաջարկուի եւ առանց յստակ գնահատականներու այդ օգնութեան ընդունուիլը պիտի նշանակէ ընդունիլ սթաթիւքոն, որ հաստատուած է մեր սահմաններուն վրայ։ Առանց յստակ քաղաքական գնահատականի ընդունիլ ՀԱՊԿ-ի դիտարկման առաքելութիւն, պիտի նշանակէ յստակացնել եւ համակերպուիլ սթաթիւքոյին հետ», շարունակեց Փաշինեան եւ յիշեցուց, որ Փրակի հանդիպման արդիւնքով շեշտուած էր, որ կողմերը կը ճանչնան իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը՝ 1991 թուականի Ալմա-Աթայի հռչակագրի հիման վրայ։ Աւելի վերջ է, որ հնարաւոր եղած է դիտորդական առաքելութեան գործուղուիլը դէպի Հայաստան, որովհետեւ յստակ եղած են Հայաստանի սահմանները։

«Այս ամէն ինչով արդեօք անվտանգային մարտահրաւէրները նուազա՞ծ են Հայաստանի Հանրապետութեան շուրջ։ Ո՛չ, չեն նուազած, հաւանական է՝ նոյնիսկ աւելցած են, բայց մեր գնահատականը այն է, որ այս փաստաթուղթերը եղած ձեւով ընդունելու պարագային պիտի չնուազէին, ընդհակառակն՝ պիտի շարունակէին աճիլ», եզրափակեց վարչապետը։

ՄԻՋԱՆՑՔԻ ՎԻՃԱԿԸ

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի կողմէ վերջին օրերուն Լաչինի միջանցքի փակումով յառաջացած արտասովոր կացութեան արձագանգները կը շարունակուին։ Հայաստանեան աղբիւրները երէկ հաղորդեցին, որ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրքերու հրամանատարութեան, Ատրպէյճանի եւ Արցախի ներկայացուցիչներուն միջեւ ծաւալուած են քննարկումներ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2022