ԴԵՍՊԱՆ ԼԻՒԹԵՄ ՄԱՀԱՑԱՒ

Թրքական դիւանագիտութեան յայտնի դէմքերէն վաստակաւոր դեսպան Էօմէր Էնկին Լիւթեմ շաբաթավերջին կնքեց իր մահկանացուն։ 85 տարեկան հասակին մահացաւ ան։

Էօմէր Էնկին Լիւթեմ ուսումը ստացած էր Կալաթասարայ լիսէին եւ Անգարայի համալսարանի քաղաքագիտութեան ֆաքիւլթէին մէջ։ Աւելի վերջ մուտք գործած էր Արտաքին գործոց նախարարութիւն, որու համակարգէն ներս երկար տարիներ ծաւալած էր բազմակողմանի գործունէութիւն։ Պուլկարիոյ եւ Վատիկանի մէջ պաշտօնավարած էր որպէս դեսպան։ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի մօտ եղած էր Թուրքիոյ մշտական ներկայացուցիչը։ Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս ալ վարած էր լրաքաղութեան եւ հետազօտութիւններու ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնը։

Էօմէր Էնկին Լիւթեմ հանգստեան կոչուելէ վերջ ալ ծաւալած էր բեղուն գործունէութիւն։ «Օրթատողու Թեքնիկ» համալսարանի պատմութեան բաժնէն ներս դասախօսելու առընթեր, ան հիմնած էր «Աւրասիա» ռազմավարական հետազօտութիւններու կեդրոնը, որու առընթեր կը գործէ հայկական հետազօտութիւններու կեդրոն մը։ Էօմէր Էնկին Լիւթեմի կողմէ գլխաւորուած այս կառոյցը բեղուն գործունէութիւն ծաւալած է հայկական հարցի պարագային պաշտօնական տեսակէտներուն հնչողութիւն ապահովելու նպատակով։

Էօմէր Էնկին Լիւթեմ այսօր կը յուղարկաւորուի մայրաքաղաք Անգարայի մէջ։

Երեքշաբթի, Յունուար 9, 2018