ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԱԾ ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐԸ ԽԱԽՏՈՒՄ ՉԷՐ ԸՐԱԾ

Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Մովսէս Յակոբեան երէկ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն բացատրութիւններ տուաւ Արցախի ճակատին վրայ պատահած վերջին դէպքերուն մասին։ Ինչպէս ծանօթ է, հայ զինուոր մը նահատակուեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Մովսէս Յակոբեան լրագրողներուն տեղեկացուց, որ նահատակեալ հայ զինուորը թիրախ դարձած է ատրպէյճանցի դիպուկահարի կրակին։ Հայ զինուորը որեւէ խախտում չէ կատարած։ «Միանշանակ փաստ է, որ զինուորը խոցուած է հակառակորդի կողմէ։ Հրամանատարը, որ նետուած է զինուորին օգնութիւն ցուցաբերելու, ինք եւս վիրաւորուած է։ Դէպքի վայր մեկնած խումբի ինքնաշարժը եւս ինկած է հակառակորդի կրակին տակ։ Ինքնաշարժի զինուորներէն մին եւս վիրաւորուած է թեթեւ ձեւով», ըսաւ Մովսէս Յակոբեան։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ Մովսէս Յակոբեան ընդգծեց, որ երկու զինուորներ վիրաւորուած են թեթեւ ձեւով։ «Կը փափաքիմ յատուկ ընդգծել սպային սխրագործութիւնը։ Ան առանց վայրկեան մը իսկ մտածելու նետուած է իր զինուորի կեանքը փրկելու, սակայն վիրաւորուած է։ Իսկ մեր զինուորը որեւէ խախտում չէ ըրած, պարզապէս հակառակորդը անընդհատ միջոցներ կը փնտռէ մեր զինուորները խոցելու համար», ըսաւ Մովսէս Յակոբեան եւ աւելցուց, որ ամանորեայ տօներու ընթացքին շփման գծին վրայ իրադրութիւնը եղած է հանգիստ, կրակոցներու քանակը եղած է նուազ եւ առաջնագծի վրայ որեւէ միջադէպ չէ արձնագրուած։

Արցախի ճակատին վրայ Յունուարի 7-ին նահատակուած էր զինուոր Վաչէ Չիլինկարեան (1998)։ Այս վերջինը Արցախի Նախագահ Բակօ Սահակեանի կողմէ յետ մահու պարգեւատրուեցաւ «Մարտական ծառայութիւն» մետայլով։

Իր կարգին, Բակօ Սահակեանի բանբերը՝ Դաւիթ Պապայեան յայտնեց, որ Ստեփանակերտ Ատրպէյճանի գործողութիւնները կ՚որակէ ահաբեկչական։ «Ատրպէյճանի պարագային գործ ունինք ահաբեկչական պետութեան մը հետ», ըսաւ ան եւ սուր ձեւով քննադատեց տարեմուտի տօնական շրջանի պատահածները։

Երեքշաբթի, Յունուար 9, 2018