ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԿԱՌԱՎԱՐԱԿԱՆ ԶՕՐՔԵՐԸ ԿԸ ՅԱՌԱՋԱՆԱՆ ԴԷՊԻ ԻՏԼԻՊ

Սուրիոյ մէջ վերջին շրջանին դարձեալ տեղի կ՚ունենան մտահոգիչ իրադարձութիւններ։ Ժընեւեան բանակցութիւններու գործընթացը խցանուած է եւ երկրի ընդդիմադիրները մերժած են մասնակցիլ՝ Ռուսաստանի հովանաւորութեամբ Սոչիի մէջ նախատեսուած համաժողովին։ Այս իրավիճակին մէջ, Սուրիոյ ղեկավար Պեշար Էսատի ենթակայ ուժերը վերջին օրերուն սկսած են դարձեալ արձանագրել յառաջխաղացում։ Էսատի ենթակայ զօրքերը հարաւէն կը մօտենան դէպի Իտլիպ քաղաքը։ Շաբաթավերջին վարչախումբն ու դաշնակիցները մուտք գործեցին Սինճար գիւղաքաղաքը, որ 50 քմ. հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի Իտլիպի կեդրոնէն։ Վարչախումբի ուժերը այդ կարեւոր գիւղաքաղաքը եւ այլ քանի մը գիւղեր ազատագրած են՝ Էլ Քաիտէի յարակից «Հէյէթ Թահրիր էլ Շամ» ահաբեկչական կազմակերպութենէն։

Իտլիպ քաղաքը Թուրքիոյ սահմանին շատ մօտ է, հետեւաբար Անգարա ուշադրութեամբ կը հետեւի իրադարձութիւններուն։ Անցեալ ամսուան վերջաւորութեան Սուրիոյ կառավարական ուժերը գործողութիւններու ձեռնարկեցին դէպի Իտլիպ։ Տարածքաշրջանի այս իրադարձութիւնները կարեւոր նշանակութիւն ունին նաեւ այլ տեսանկիւնէ մը։ Արդարեւ, Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Իրանի մասնակցութեամբ ձեւաւորուած «լարուածութեան նուազեցման գօտիներու» համաձայնեցման տեսակէտէ ալ կարեւոր է Իտլիպի կացութիւնը։ Այդ քաղաքին մէջ հաստատուած են թրքական զօրքեր։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Սուրիոյ կառավարական ուժերը օդային ռմբակոծումներ ալ կ՚իրականացնեն Իտլիպի մէջ։ Վերջին երեք շաբաթներուն ընթացքին ռմբակոծումներուն զոհ գացած է 90 հոգի, վիրաւորեալներու թիւն ալ կը հասնի 200-ի սահմանը։

Երեքշաբթի, Յունուար 9, 2018