ՎԱՂԸ՝ ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ ԿԱՐԵՒՈՐ ԺՈՂՈՎ՝ ԻՐԱՆԻ ՄԻՋՈՒԿԱՅԻՆ ԾՐԱԳՐԻՆ ՇՈՒՐՋ

Վաղը, Պրիւքսելի մէջ կարեւոր հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ՝ մասնակցութեամբ Եւրոմիութեան դիւանագիտական ու անվտանգութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի, Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆի, Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ լը Տրիանի, Անգլիոյ Արտաքին գործոց նախարար Պորիս Ճանսընի եւ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Զիկմար Կապրիէլի։ Միջազգային աղբիւրները կարեւորութեամբ արձագանգ կը հանդիսանան այս տեսակցութեան, որու ընթացքին օրակարգի վրայ կու գայ Իրանի միջուկային ծրագրին վերաբերեալ համաձայնութիւնը։ Գործողութիւններու համատեղ համապարփակ ծրագրի իրականացման աշխատանքի շրջանակներէն ներս կազմակերպուած է Պրիւքսելի այս կարեւոր տեսակցութիւնը։ Ճեւատ Զարիֆ յայտնեց, որ տեսակցութեան ընթացքին օրակարգի վրայ կու գայ այս ծրագրի վերաբերեալ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ապակառուցողական քաղաքականութիւնը։

Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը վերջին շրջանին յաճախ կը դժգոհի Իրանի միջուկային ծրագրին վերաբերեալ համաձայնութենէն ու մտադրութիւն կը յայտնէ դուրս գալու այդ ծրագրէն։ Եւրոպական երկիրները հակուած են հաւատարիմ մնալու համաձայնութեան։ Պրիւքսելի մէջ վաղը նախատեսուած հանդիպման վերաբերեալ յայտարարութեան յաջորդեց Թեհրանի զգուշացումը, ըստ որու համաձայնութիւնը ԱՄՆ-ի պատճառով վտանգի տակ կը գտնուի։

Կարգ մը աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ վաղուան քննարկումներուն ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան նաեւ Իրանի վերջին ներքին խռովութիւններուն վերաբերեալ խնդիրներ։

Երեքշաբթի, Յունուար 9, 2018