«ՈՒՔՐԱՅՆԱ ՏԵՍԱՆԵԼԻ ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ԱՆԴԱՄԱԿՑԻԼ ՆԱԹՕ-ԻՆ ԿԱՄ ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԵԱՆ»

Ուքրայնոյ Արտաքին գործոց նախարար Փաւել Քլիմքին յայտարարեց, որ իր երկիրը յառաջիկայ տարիներուն Եւրոմիութեան կամ ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու հեռանկար չունի։ «Ուքրայնա այսօրուան վիճակով ո՛չ մէկ, ո՛չ երկու, ոչ ալ հինգ տարուան ընթացքին մաս չի կազմեր Եւրոմիութեան կամ ՆԱԹՕ-ին», յայտարարեց նախարարը երկրի պաշտօնական հեռուստակայանէն։ Իր խօսքով՝ այդ անդամակցութիւններու ծրագիրը «միջնաժամկէտ հեռանկար» կը ներկայացնէ։ Ան շարունակեց. «Եթէ ոեւէ մէկը ձեզի ըսէ, որ մենք մէկ կամ երկու տարի վերջ կ՚անդամակցինք, երբեք մի՛ հաւատաք, սա զուտ դատարկաբանութիւն է եւ մոլութիւն։ Բայց եթէ ոեւէ մէկը ըսէ, որ սա առնուազն երեսուն տարուան գործ է, ապա նոյնպէս մի՛ հաւատաք։ Որովհետեւ փորձառութիւնը հակառակը ցոյց կու տայ»։

Հարկ է նշել, որ Ուքրայնոյ մէջ 2014 թուականին տեղի ունեցած էր յեղաշրջում, որմէ ի վեր երկիրը որդեգրած է Եւրոատլանտեան համարկման ընթացք։ 1 սեպտեմբեր 2017 թուականէն ի վեր ի զօրու է Ուքրայնոյ եւ Եւրոմիութեան համարկման համաձայնագիրը, որ կը կարգաւորէ կողմերու աստիճանական տնտեսական ու քաղաքական մերձեցումը։ 1 յունուար 2016 թուականէն ի վեր կը գործէ ազատ առեւտուրի գօտիի վերաբերեալ պայմանագիրը։ Ուքրայնոյ նախագահ Փիոթր Փորոշենքօ պարբերաբար կը յայտարարէ իր երկրի ԵՄ-ի անդամակցութեան հեռանկարներուն մասին։ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Եան-Քլոտ Եունքէր 2016-ին յայտարարած էր, որ Ուքրայնա ԵՄ-ի կամ ՆԱԹՕ-ի անդամ չի կրնար դառնալ յառաջիկայ 20-25 տարիներուն։

Չորեքշաբթի, Յունուար 9, 2019