ՋԵՐՄ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱՆՔ

Պատրիարքական ընդանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ ընդունեց քաղաքիս փոքրամասնութիւններու եւ քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդներու եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներու շնորհաւորութիւնները՝ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ։ Նորին սրբազնութեան կողքին էին Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան, ինչպէս նաեւ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ։ Ընդհանուր փոխանորդը Պատրիարքարանի դահլիճի երդիքին տակ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ ընդունեց իր հոգեւոր եղբայրներն ու տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչները։ Բոլոր հիւրերը նորին սրբազնութեան անձին մէջ շնորհաւորեցին մեր համայնքի Ս. Ծննդեան եւ Աստուծայայտնութեան տաղաւարը՝ յղեցին իրենց բարեմաղթանքը։

Օրուան տեւողութեան Գումգաբու այցելեցին Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքը, Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան, Հրէից րաբունապետ Ռաւ Իսաք Հալեւա, Ասորիներու պատրիարքական փոխանորդ Մետրապոլիտ Եուսուֆ Չեթին, Լատին կաթոլիկներու վիճակաւոր Մոնս. Ռուբէն Կոնզալէս եւ այլք։

Բացի հոգեւորականներէն Պատրիարքարան այցելեցին նաեւ Շիշլիի քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւ, Պէյօղլուի քաղաքապետ Ահմէտ Միսպահ Տեմիրճան, Կղզեաց քաղաքապետ Աթիլլա Այթաչ, Շիշլիի նախկին քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլ, ԱՔ կուսակցութեան կղզեաց մասնաճիւղի ներկայացուցիչները եւ այլք։

ՏԻԿՆԱՆՑ ՀԵՏ

Օրուայ սկիզբին տեղի ունեցած այս հանդիպումներէն վերջ յետմիջօրէին նորին սրբազնութիւնը հիւրընկալեց մեր տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչները։ Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ համախմբուելէ առաջ տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչները Ս. Ծննդեան առթիւ տօնական ճաշասեղանի մը շուրջ համախմբուեցան Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ։ Յետմիջօրէին ալ անոնք Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ ներկայացան Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին, որու կողքին էր Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Այս աւանդական այցելութեան ընթացքին ընդհանուր փոխանորդը ողջունեց բոլորին ներկայութիւնը եւ բարեմաղթութիւններ ըրաւ Նոր տարուան ու Ս. Ծննդեան կապակցութեամբ։ Նորին սրբազնութիւնը ուրախութիւն յայտնեց, որ տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչները հոծ բազմութիւնով մը ներկայացած էին Պատրիարքարան։ Ան ցաւով մատնանշեց, որ Ս. Ծննդեան օրը Գումգաբուի ընդունելութենէն բացակայած էին մեր շարք մը հաստատութիւններու ներկայացուցիչները։ «Անոնք իմ ուշադրութենէս չսպրդեցան, սակայն երբ որ խնդիր մը ունենան կու գան Պատրիարքարան։ Նոր տարին թէեւ օրացոյցի մը փոփոխութիւնն է, սակայն մենք ալ պէտք է ինքզինքնիս նորոգենք ու պէտք է ընենք անցեալ տարուան հաշուեկշիռը։ Պէտք է մտածենք, որ Աստուծոյ համար, մարդոց համար եւ մեր անձին համար ի՛նչ ըրած ենք», ըսաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։

Բաց աստի, ան ընդգծեց, որ անցեալ տարին աշխարհին ու մեր երկրին տեսակէտէ լաւ չանցաւ, սակայն նոր տարուան համար կան յոյսեր։ «Մեր համայնքէն ներս ալ նկատելի է միասնականութեան պակասը։ Բայց եւ այնպէս, դուք այստեղ էք գրեթէ ամբողջական կազմով, ուստի, սա լաւ պատկեր մըն է եւ կը ստեղծէ յուսադրիչ մթնոլորտ մը», շարունակեց նորին սրբազնութիւնը։

Զրոյցի տեւողութեան ընդհանուր փոխանորդը անդրադարձաւ համայնքէ ներս իգական սեռի կարեւոր դերակատարութեան եւ գնահատեց տիկիններուն կողմէ մատուցուած ծառայութիւնը։ Ան անգամ մը եւս յիշեցուց, որ կանայք կարեւոր պատասխանատուութիւն կը ստանձնեն համայնքային հաստատութիւններէն ներս։ «Մեր զաւակները դուք կը հասցնէք։ Լաւ հասցուցէք ձեր զաւակները։ Դուք անոնց պահապան հրեշտակներն էք, որովհետեւ Աստուած այդպէս տնօրինած է։ Մեր զաւակներու կրթութեան մէջ ամենամեծ դերը կը վիճակի ձեզի», ըսաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։

Հաւաքոյթի տեւողութեան մտերմիկ զրոյցի մը ձեւաչափին մէջ կարծիքի փոխանակումներ ունեցան համայնքային զանազան հարցերուն շուրջ։ Այս ամբողջին մէջ շօշափուեցաւ խառն ամուսնութիւններու խնդիրը։ Նորին սրբազնութիւնը մատնանշեց, որ Պատրիարքարանի Երիտասարդաց յանձնախումբը աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալելով պիտի ջանայ պայքարիլ նաեւ այս խնդրին շուրջ։ Օրակարգի վրայ եկան նաեւ մեր սանուց միութիւններու վերաբերեալ հարցերը։ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան կարեւորեց, որ մեր սանուց միութիւններու գործունէութիւնը հունի մէջ դրուի՝ պաշարի տէր մարդոց կողմէ։

Ընդունելութեան աւարտին տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչները շնորհակալութիւն յայտնեցին  նորին սրբազնութեան, փոխանցեցին իրենց բարեմաղթանքը՝ ստանալով իր օրհնութիւններն ու խորհրդանշական նուռեր։

Հուսկ, հիւրերը հրաժեշտ առին Պատրիարքարանի շէնքի մուտքին տեղի ունեցած նկարահանումով։

Չորեքշաբթի, Յունուար 9, 2019