ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ ՀԵՌԱՑԱՒ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ ՄԱՄԼՈՅ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԻ ՊԱՇՏՕՆԷՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մամլոյ քարտուղարը՝ Վլատիմիր Կարապետեան հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Վլատիմիր Կարապետեան ընկերային ցանցերու միջոցաւ տեղեկացուց, որ այլեւս չի կատարեր վարչապետի մամլոյ քարտուղարի պարտականութիւնները։ Հայաստանի կառավարութեան պաշտօնական կայքէջին վրայ ալ հրապարակուած է Նիկոլ Փաշինեանի որոշումը՝ Վլատիմիր Կարապետեանը վարչապետի մամլոյ քարտուղարի պաշտօնէն ազատելու մասին։

Վլատիմիր Կարապետեան Դիմատետրի իր էջին վրայ այս կապակցութեամբ նշած է հետեւեալը. «Այսօրուընէ սկսեալ այլեւս չեմ կատարեր վարչապետի մամլոյ քարտուղարի պարտականութիւնները։ Վարչապետ Փաշինեանի գրասենեակին մէջ աշխատութեան այս մէկ տարին գերազանց փորձառութիւն մըն էր։ Ինչպէս խոստացած էի նշանակուելէ առաջ՝ գործս ըրած եմ եռանդով ու նուիրումով։ Շնորհակալ եմ»։

Վարչապետի պաշտօնը ստանձնելէ վերջ Փաշինեան առաջին հերթին մամուլի քարտուղար նշանակած էր Արման Եղոյեանը, որու կարճ պաշտօնավարութենէն վերջ այդ գործը յանձնուած էր Վլատիմիր Կարապետեանին։ Այս վերջինը անցեալի մէջ եղած էր Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերներէն, իսկ շուրջ տասն տարիէ ի վեր ընդդիմութեան շարքերուն մէջ կը գտնուէր՝ պատասխանատու պաշտօններ զբաղեցնելով Հայ ազգային քոնկրէսէն ներս։

Հինգշաբթի, Յունուար 9, 2020