ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԿԸ ԾՐԱԳՐԷ ՅԱՏՈՒԿ ՀԱՒԱՔ ՄԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԵԼ՝ ԿԱՆԱՆՑ ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ ՇՈՒՐՋ

Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց պոլսահայ տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչները։ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ անոնք Պատրիարքարան այցելեցին՝ ըստ ընկալեալ սովորութեան։ Աւանդական հանդիպման ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան կողքին էին Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։

Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ, հանդիպման ընթացքին ստեղծուեցաւ տօնական մթնոլորտ։ Ընտրեալ-պատրիարք Հայրը ուրախութիւն յայտնեց այս հաւաքին համար եւ ջերմօրէն ողջունեց բոլոր ներկաները։ Յանուն տիկնանց յանձնախումբերուն՝ Թագուհի Կիւլ շնորհաւորութիւններ յղեց Նորին Ամենապատուութեան։

Անմիջական զրոյցի ձեւաչափին մէջ նորընտիր պատրիարքը շեշտեց, որ կը ծրագրէ ապագային կանանց յատուկ ժողով մը կազմակերպել՝ աւելի ընդարձակօրէն քննարկելու համար մեր համայնքային կեանքէն ներս կանանց գործունէութեան առօրեան եւ ապագան։ Ան համոզուած է, թէ համայնքը աւելի բարւոք ապագայի մը առաջնորդելու համար իգական սեռի տեսակէտները պէտք է ունենան աւելի լայն հնչողութիւն։ Միեւնոյն ժամանակ, Նորին Ամենապատուութիւնը յոյս յայտնեց, թէ 2020-ը մեր համայնքի բոլոր հաստատութիւններուն համար դառնայ յոյսի տարի մը եւ պոլսահայութիւնը առաւել եւս զօրացած շարունակէ իր ճանապարհորդութիւնը պատմութեան մէջ։

Ընդունելութիւնը աւարտին հասաւ միաբերան արտասանուած Տէրունական աղօթքով։ Հուսկ, տեղի ունեցաւ աջահամբոյր եւ Ընտրեալ-պատրիարք Հօր ձեռամբ բոլորը ստացան ամանորեան խորհրդանշական նուռեր։

Հինգշաբթի, Յունուար 9, 2020