ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԼՈՒԾՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի կառավարութիւնը այս առաւօտ գումարեց 2020 թուականի առաջին ժողովը, որու բացումին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան շեշտեց, որ անցեալ տարին ընդհանրապէս յաջող կը համարուի։ Ըստ իրեն, նախորդ երկու տարիներու ընթացքին կարելի եղաւ լուծել օրակարգի կարճաժամկէտ բոլոր խնդիրները։ «2020 թուականը պէտք է արդէն ռազմավարական խնդիրներու լուծմամբ զբաղելու ժամանակաշրջան ըլլայ», նշեց Նիկոլ Փաշինեան։

«Ես կը կարծեմ՝ 2020 թուականին բաւական լաւ սկսած ենք եւ մեր կողմէ առաջարկուած նոր հայեցակարգը, ըստ էութեան, ինքզինք արդարացուցած է», դիտել տուաւ վարչապետը։

Հինգշաբթի, Յունուար 9, 2020