ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐԸ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին ժամանակ Թուրքիան Ատրպէյճանին օգնած է՝ «Մէկ ազգ, երկու պետութիւն» իրողութենէն ելնելով։ Ըստ իրեն, Անգարա կ՚աջակցի Մոսկուայի միջնորդութեամբ ստորագրուած հրադադարի համաձայնութեան։

Նախարար Չավուշօղլու Լիզպոնի մէջ փորթուգալցի իր պաշտօնակցին հետ հանդիպման յաջորդած մամլոյ ասուլիսին ժամանակ պատասխանեց Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին եւ անոր վերջ տուած հրադադարի վերաբերեալ հարցումներու։ Իր խօսքերը արձագանգ գտած են նաեւ Հայաստանի զանգուածային լրատուութեան միջոցներու մօտ։ Ըստ իրեն, պատերազմի աւարտին այժմ Ատրպէյճանի որոշած վայրին մէջ կը կառուցուի Ռուսաստան-Թուրքիա համատեղ մշտադիտարկման կեդրոն մը։ Անգարա պատրաստ է այդ գործընթացին աջակցելու։ Ըստ Չավուշօղլուի, այդ կեդրոնի հիմնական նպատակը պիտի ըլլայ հրադադարի դրութեան վերահսկողութեան իրականացումը։ Խախտումներու պարագային պիտի ձեռնարկուին համապատասխան կանխարգելիչ միջոցներու։

«Մենք յոյս ունինք, թէ Հայաստան չի խախտեր հրադադարը։ Միայն այդ բանէն յետոյ կարելի պիտի ըլլայ խօսիլ Հայաստանի հետ մեր յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին։ Մենք Ատրպէյճանի հետ պիտի քննարկենք ապագային մեր ձեռնարկելիք բոլոր քայլերը։ Հայաստանի հետ սահմաններու բացումը չափազանց ձեռնտու պիտի ըլլայ անոր համար՝ քանի որ Հայաստանի գործողութիւնները պատճառ դարձած են անոր ինքնամեկուսացման», յայտարարեց Մեւլիւտ Չավուշօղլու։ 

Շաբաթ, Յունուար 9, 2021