ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հերթական կոչով հանդէս եկաւ երկրի ծանր քաղաքական տագնապի պայմաններուն ներքեւ։ Նախագահ Սարգսեան վարակուած ըլլալով քորոնաժահրով՝ ներկայիս դարմանման տակ կը գտնուի Լոնտոնի մէջ։ Իր կոչը հրապարակուած է նախագահի աշխատակազմի պաշտօնական աղբիւրներուն միջոցաւ։ Հայաստանի տեսակէտէ ներկայ ճակատագրական փուլին ան կոչ ուղղած է առաջնորդուիլ բացառապէս համազգային շահերով եւ անշեղօրէն պահպանել Սահմանադրութեան եւ օրէնսդրութեան պահանջները։ Ան խորհուրդ տուած է նաեւ ապահովել հանրութեան առջեւ հաշուետուողականութիւնը։ Արմէն Սարգսեան կարեւորած է Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ տուած եռակողմանի հրադադարի համաձայնութիւնը եւ անոր պահպանման ուղղեալ միջոցներու իրականացումը՝ մասնաւորապէս, պահուած անձերու, պատանդներու եւ ռազմագերիներու հրատապ վերադարձը եւ սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացը, նաեւ հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակումը։

«Նախագահը իրաւասու մարմիններուն կոչ կ՚ուղղէ ինչպէս վերոյիշեալ փաստաթուղթով նշուած միջոցառումներու իրականացման, այնպէս ալ բանաւոր պայմանաւորուածութիւններու պարագային առաջնորդուիլ բացառապէս համազգային շահերով, ապահովել հանրութեան առջեւ հաշուետուողականութիւն եւ անշեղօրէն պահպանել Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան եւ օրէնսդրութեան պահանջները, միջազգային իրաւունքի չափանիշներն ու սկզբունքները», նշուած է նախագահի կոչին մէջ։

Միւս կողմէ, նոյն աղբիւրները տեղեկացուցին, որ նախագահ Արմէն Սարգսեանի մօտ «Քովիտ-19» հիւանդութիւնը բարդ ընթացք ունի։ Ան ներկայիս մեկուսացման մէջ կը գտնուի եւ իր մօտ ախտաճանաչուած են այդ վիճակին բնորոշ պարագաներ։ Նախագահ Սարգսեան բժիշկներու հսկողութեան տակ կը շարունակէ բուժման գործընթացը։ Միեւնոյն ժամանակ, առողջական վիճակին բերումով, ան հնարաւորութեան սահմաններու մէջ կ՚աշխատի եւ ժամանակաւորապէս պիտի շարունակէ աշխատիլ հեռավար դրութեամբ։ Վիճակի կայունացումէն եւ բժիշկներու թոյլտուութենէն անմիջապէս վերջ ան Երեւան պիտի դառնայ՝ իր պարտականութիւնները կատարելու համար։

Աշխատակազմի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նախագահ Սարգսեանի եւ կողակցին՝ Նունէ Սարգսեանի շնորհակալութիւնները փոխանցուած են բոլոր անոնց, որոնք առողջութեան մաղթանքներ եւ զօրակցութեան խօսքեր յղած են։ 

Շաբաթ, Յունուար 9, 2021