ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ ԼՔԵՑ «ԻՄ ՔԱՅԼԸ»

Հայաստանի ներքին քաղաքական առկայ տագնապի պայմաններուն ներքեւ, Ազգային ժողովէն ներս մեծամասնութեան տէր «Իմ քայլը» խմբակցութենէն պատգամաւոր մը եւս դուրս եկաւ։ Յետպատերազմեան ծանր իրավիճակին մէջ ցայսօր մէկէ աւելի պատգամաւորներ լքած էին այդ խմբակցութիւնը, որ կը սատարէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան։ Ներկայիս այդ շարքը եկած է համալրել Սոֆիա Յովսէփեան, որ որոշած է իր գործունէութիւնը շարունակել՝ որպէս անկախ պատգամաւոր։

Ընկերային ցանցերու վրայ հրատարակած բացատրութեան մէջ ան տեղեկացուց, որ այս որոշումը առած է երկար մտածելէ վերջ։ «Սա ամենեւին չի նշանակեր, որ որեւէ ձեւով կը թերանամ իմ որդեգրած առաքելութեան իրականացման ուղղութեամբ, այլեւ՝ կը շարունակեմ գործել նոյն նուիրումով, ինչպէս գործած եմ մինչեւ այս պահը։ Որեւէ ազգանուէր եւ պետականամէտ գործին պիտի նպաստեմ, ինչպէս ըրած եմ եւ դէմ պիտի ըլլամ այն բոլոր հարցերուն, որոնք պիտի չբխին մեր երկրի ու ազգի շահերէն», նշած է Սոֆիա Յովսէփեան։ 

Շաբաթ, Յունուար 9, 2021