ՆՈՐ ՇԱԲԹՈՒԱՅ ՍԿԻԶԲԻՆ ՀԱՄԱՐ ՏԱԳՆԱՊԵՑՈՒՑԻՉ ԿԱՆԽԱՏԵՍՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի առկայ քաղաքական տագնապով պայմանաւորուած մթնոլորտի մէջ յառաջիկայ շաբթուայ սկիզբին ընդառաջ օրակարգի վրայ եկած են տագնապեցուցիչ կանխատեսումներ։ Թէեւ պաշտօնական աղբիւրները ո՛չ կը հաստատեն, ո՛չ ալ կը հերքեն, սակայն, կը նախատեսուի Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եռօրեայ այցելութիւնը դէպի Մոսկուա։ Հաւանական է, որ ան հանդիպում մը ունենայ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութիւնը ստորագրած ղեկավարներու հանդիպումը պիտի ըլլայ այս մէկը։ Յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ, բացի Արցախի մեծ մասը յանձնելէ, Հայաստան կորուստներ կ՚ունենայ նաեւ իր բուն տարածքէն։ Այս ամբողջը գայթակղեցուցիչ համեմատութիւններու հասած են յատկապէս երկրի հարաւի Սիւնիքի մարզի պարագային, որ բառին բուն իմաստով կը պայմանաւորէ Հայաստանի ռազմավարական կշիռը։ Այս ամբողջ գործընթացին մէջ իշխանութիւններուն կողմէ դրսեւորուած անկարողութիւնը ծնունդ տուած է հակազդեցութեան մեծ ալիքի մը։ Փաշինեան, որ դադրած է իրավիճակին տիրապետելու հնարաւորութիւններէ, զրկուած է ժողովրդական յենարաններէ, ներկայ ճակատագրական պահուն կ՚առնէ անկանխատեսելի քայլեր, երկրէն ներս կը խորացնէ փակուղին եւ ամենակարեւորը՝ իր յայտարարութիւններն ու պահանջները կը մնան օդի մէջ։ Այս բոլորին զուգահեռ, հանրային կարծիքի օրակարգին վրայ են զանազան պնդումներ, ըստ որոնց ան տակաւին չյայտարարուած, բանաւոր պայմանաւորուածութիւններ ալ ունի՝ Հայաստանի այժմու տարածքներուն ի հաշիւ։ Սիւնիքի պարագային ապրուածները անխուսափելի կը դարձնեն այս կասկածները՝ մանաւանդ, որ թափանցիկութենէ բոլորովին հեռացած են իշխանութիւնները, պատկան մարմինները։ Նոյնը ի զօրու է նաեւ գերիներու վերադարձի պարագային։ Անոնց վերադարձը թէեւ հրադադարի համաձայնութիւնով պայմանաւորուած է, սակայն այդ համաձայնութեան տակ ստորագրութիւն դրած Նիկոլ Փաշինեան որեւէ լծակ չունի այնքան հրատապ խնդրի կապակցութեամբ Պաքուի քմահաճութիւններուն վերջ տալու համար։

Այս համայնապատկերին վրայ Հայաստանի ընդդիմադիր շրջանակները ահազանգ կը հնչեցնեն, որ Փաշինեան երկուշաբթի Մոսկուայի մէջ պիտի ստորագրէ նոր փաստաթուղթ մը, որով պիտի հրապարակուի կամ օրինականացուի Սիւնիքի մարզի վերջնականօրէն կորուստը։ Ընդդիմադիր առաջնորդները ահազանգ կը հնչեցնեն, որ Փաշինեան պիտի շարունակէ Հայաստանի բնակավայրերու յանձնումը, ուստի պէտք է կանխուի անոր երկրէն դուրս գալը։ Անշուշտ, այս բոլոր հաւանականութիւնները ի յայտ կը բերեն մտահոգիչ վարկածներ, բռնութեան հեռանկարներ, որոնք աններելի կը համարուին ստեղծուած իրավիճակին մէջ։ Առաւել ցաւալի է նաեւ, որ իշխանութիւնները ընդհանրապէս շահագրգռուած չեն այսպիսի վարկածները կանխելով, ժողովուրդը հանդարտեցնելով եւ ընդհակառակն։ Այս պահուն իշխանութիւնները հաշուարկներ կ՚ընեն ապաւինելով Հայաստանի առկայ քաոսին։

Մինչ երկրի տարածքային ամբողջականութիւնը կը խախտուի անդառնալիօրէն, Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան երէկ հանդէս եկաւ հերթական զգուշացումներով։ Պատերազմի վերջաւորութենէն ի վեր ան մէկէ աւելի անգամներ այցելած էր Սիւնիք եւ այլ սահմանակից մարզեր։ Վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ երէկ Արման Թաթոյեան յայտնեց, որ Սիւնիքի մէջ «GPS»ի կամ «Google Map»ի մեքանիք կիրառութեան հետեւանքով լուրջ սպառնալիքներ ստեղծուած են Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանային բնակիչներու կեանքի եւ անվտանգութեան համար։

Միացեալ ընդդիմութեան՝ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի կողմէ վարչապետի թեկնածու առաջադրուած Վազգէն Մանուկեանն ալ երէկ հրապարակաւ պահանջեց, որ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը, Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը եւ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութիւնը պարզաբանումներ տան։ Երէկ բողոքի ցոյց մըն ալ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Արդարադատութեան նախարարութեան առջեւ։ Այս առթիւ նախարարութեան աղբիւրները յայտնեցին, որ իրենց մօտ գոյութիւն չունի՝ Մոսկուայի մէջ ստորագրուելու համար պատրաստուած որեւէ փաստաթուղթի նախագիծ։

Առկայ ծանր իրավիճակին մէջ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ շրջանակներն ալ կը շարունակեն թարգման հանդիսանալ ժողովրդական լայն խաւերու պոռթկումին եւ հիմնաւորեալ ձեւով քննադատել իշխանութիւններու անհեռանկար գործունէութիւնը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեանի նախընթաց օրուան խիստ յայտարարութիւններէն վերջ, երէկ ալ Տաւուշի թեմակալ առաջնորդ Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստանեան յատկանշական խօսքեր արտասանեց։ Տաւուշի մարզն ալ Ատրպէյճանի հետ սահմանակից է՝ գտնուելով Հայաստանի հիւսիս-արեւելքին։

«Եթէ յանկարծ պարզուի, որ Տաւուշէն նոյնպէս տարածքներ եւ բնակավայրեր պէտք է յանձնուին, մեր տեղը խրամատներու մէջ պիտի ըլլայ», ըսաւ թեմակալ առաջնորդը։ Ան շարունակեց. «Ես բոլորի նման համացանցէն եւ մամուլէն տեղեկացայ այն լուրերուն, թէ Տաւուշի մարզէն յառաջիկային նոյնպէս տարածքներ պէտք է յանձնուին։ Այդ լուրերը արդէն իսկ հերքուած են մարզպետին կողմէ, բայց, առնուազն տարակուսելի է, թէ ինչո՞ւ անոնք կառավարութեան կողմէ ամենաբարձր մակարդակով նոյնպէս չեն հերքուիր։ Որովհետեւ կը հասկնամ, որ այսպիսի պարագային մէջ միայն մարզպետը չէ, որ պէտք է հերքում տարածէ։ Իշխանութիւններու կողմէ որեւէ տեսակի անդրադարձ այս խնդրին վերաբերեալ կարծես թէ չկայ եւ ես կը հասկնամ, թէ հարցի վերաբերեալ տարընթերցումները, տարաձայնութիւնները կամ անհանգստութիւնները, հաւանաբար, այստեղէն իսկ կը ծնին։ Այս պահուն մարզին մէջ որեւէ նման շարժ չենք արձանագրած եւ չենք տեսներ։ Ի հարկէ, մենք ամենօրեայ կապի մէջ ենք գիւղապետներու հետ, կը խօսինք, կը փոխանակենք մեր ունեցած տեղեկութիւնները, նաեւ մարզպետի, մարզէն ներս տեղակայուած զօրամիաւորումներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Այսօր իսկ ես եղած եմ Կիրանց գիւղը, հանդիպած եւ զրուցած եմ բնակիչներու հետ։ Դարձեալ կը կրկնեմ՝ այս պահուն նման շարժ չկայ, բայց այսօր ալ ըսեմ՝ եթէ յանկարծ, Աստուած մի արասցէ, նման բան տեղի ունենայ ու պարզուի, որ Տաւուշէն նոյնպէս տարածքներ եւ բնակավայրեր պէտք է յանձնուին, մենք յստակ գիտենք, որ մեր տեղը խրամատերուն մէջ պիտի ըլլայ»։

Հայաստանեան կարգ մը լրատուամիջոցներու հաղորդումներով, Տաւուշի մարզի հինգ գիւղերու ճակատագիրը ներկայիս վտանգուած է։ Ըստ նոյն աղբիւրներուն, Սիւնիքի մարզի պարագային ստեղծուած մեծ աղմուկին հետեւանքով իշխանութիւնները ներկայիս Տաւուշի հարցերը առկախած են որոշ ժամանակով։

«Փաստինֆօ»ի հաղորդումներով, Մոսկուայի հանդիպման ընդառաջ երէկ յոյժ գաղտնի պայմաններով հանդիպում մը տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետախուզական ծառայութիւններու տնօրէններուն միջեւ։ «Թելեկրամ»ի մէջ արձագանգ գտած լուրերուն համաձայն, անոնք տեսակցած են Նախիջեւանի տարածքին Երասխի մէջ։ Սա անոնց երկրորդ հանդիպումն է, առաջինը վերջերս տեղի ունեցած էր Մոսկուայի մէջ։ 

Շաբաթ, Յունուար 9, 2021