«ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՄՇՏԱԿԱՆ ԿԱՊԻ ՄԷՋ Է ԱԹՈՌԻ ՍՐԲԱԶԱՆՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ»

Պատրիարքական Աթոռին շուրջ վերջին իրադարձութիւնները դարձեալ լայն արձագանգ գտած են Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ շրջանակներէն ներս։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինն ալ անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի ամբողջ անցուդարձին։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուական համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան երէկ «Արմէնփրէս» գործակալութեան մեկնաբանութիւն մը տուաւ վերջին իրադարձութիւններուն առընչութեամբ։ Ան յայտնեց, որ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը յառաջիկային դիրքորոշում պիտի յայտնէ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան շուրջ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ։

Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեանի խօսքով՝ բնականաբար, Իսթանպուլի կուսակալութեան կողմէ Պատրիարքարան ուղարկուած պաշտօնագրին պիտի անդրադառնան Աթոռի եկեղեցական մարմինները։ «Ուստի, ստեղծուած իրավիճակին մէջ պէտք է սպասել Պատրիարքարանի պատկան մարմիններու որոշման», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը 20 Փետրուարին պիտի գումարէ իր յառաջիկայ ժողովը եւ պիտի արտայայտէ իր դիրքորոշումը։

Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան ընդգծեց, որ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը մշտական կապի մէջ է պատրիարքական տեղապահին եւ Աթոռի եպիսկոպոսներուն հետ։ «Վեհափառ Հայրապետի սպասումն է, որ Աթոռի իրաւասու մարմինները ստեղծուած կացութիւնը յաղթահարեն համաձայն Պատրիարքութեան գործող սահմանադրութեան եւ եկեղեցական ընկալեալ կանոններու, հանդարտ եւ համերաշխ ոգիով», ընդգծեց Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան։

Ուրբաթ, Փետրուար 9, 2018